Հաճընի հայրենակցական միութեան նախագահ Եփրեմ Պաղպուտարեան ներողութիւն կը խնդրէ անձնական յարգելի պատճառով բացակայելու համար շէնքի բացման արարողութենէն եւ այս առթիւ 200 տոլար կը նուիրէ մեր հաստատութեան:
Մեր հանգուցեալ վաստակաւոր ընկեր Յակոբ Օվայեանի զաւակը՝ Աւօն Կիրակի օր մեր հետ պիտի չկրնայ ըլլալ, որովհեետեւ իր հօր համար այդ օր հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի ըլլայ: Թող մեր ընկերոջ յիշատակը յաւէրժ մնայ մեր մէջ: Աւօն այս առթիւ կը նուիրէ 100 տոլար:
«Ասպարէզ»ի երկարամեայ աշխատակիցներ Քաթիա եւ Վարդուհի Քուշերեաններ այս առիթով կը նուիրեն 100 տոլար:
Մեր հարեւան ու համեղ սանտուիչներ պատրաստող ֆալաֆէլ Արաքսը մեր ուրախութեան կը միանայ 300 տոլարի նուիրատուութեամբ:
Մեր ընթերցողներէն Էլիզապէթ Մկրտիչեան եւս 100 տոլար կը նուիրէ մեր հաստատութեան՝ շէնքի բացման առիթով: