ԼՈՆՏՈՆ.- Արաբական «Շարք էլ Աուսաթ» թերթը, հրապարակելով արաբական 13 երկիրներու մէջ կազմակերպուած հարցախոյզին արդիւնքները՝ կը գրէ, թէ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը բացասական կերպով ազդած է արաբական աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 74 առ հարիւրի բարեկեցութեան վրայ։ Ըստ հարցախոյզին, արաբական թերակղզիին վրայ ամենամեծ կորուստները կրած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բնակչութիւնը:
Տնտեսական ճգնաժամը աւելի նուազ համեմատութեամբ ազդած է Լիբանանի եւ Օմանի սուլթանութեան վրայ, ուր ճգնաժամի հետեւանքը զգացած է բնակչութեան համապատասխանաբար 57 եւ 58 տոկոսը։ Արաբական երկիրներուն բնակչութիւնը կը հաւատայ, որ 2010ին տնտեսական վիճակը պիտի բարելաւուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.