ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կողմէ շրջափակուած պաղեստինեան Կազա շրջանէն Հինգշաբթի, Մարտ 18ին արձակուած հրթիռի մը հետեւանքով թայլանտցի հողագործ մը սպաննուեցաւ իսրայէլեան հողատարածքի մը վրայ: Ան նման յարձակումի մը զոհ գացած առաջին անձն էր այս տարուան ընթացքին: Տասնեակ հազարաւոր օտար բանուորներ ու հողագործներ կ՛աշխատին Իսրայէլի մէջ, որ կը փորձէ պաղեստինցիներու փոխարէն այլ երկիրներէ ժամանած բանուորներու համար տրամադրել աշխատանքի նման կարելիութիւններ:
Նոյն օրը Կազա այցելող Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց պետ Քեթրին Աշթըն դատապարտեց յարձակումը, որ քննադատուեցաւ նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ:
Միւս կողմէ, Կազայի հարաւային շրջաններուն մէջ պաղեստինցի երիտասարդներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հինգշաբթի օր, դատապարտելու համար շրջանին մէջ բաժանումի նոր պատ մը կառուցելու իսրայէլեան ծրագրին դէմ:
Իսրայէլացի սահմանապահները ուժի դիմեցին ցրուելու համար ցոյցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.