«Իքոնոմիսթ» թերթը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին իր լրատուութեան մէջ կը գրէ, թէ թրքական ու հայկական սփիւռքները պէտք է հասարակաց ուղի մը գտնեն, երկու երկիրներուն միջեւ կապերը բարլելաւելու նպատակով: Թերթը կը նշէ, որ հայերը այն համոզումը ունին, թէ միջազգային գետնի վրայ մեծ յաջողութիւն արձանագրած են՝ իրենց պնդումները ընդունելի դարձնելով, մինչ թուրքերը դառնացած են Ամերիկայէն, որ կը ջանայ մեղմացնել Թուրքիոյ հետ ստեղծուած լարուածութիւնը։
Թերթը այնուհետեւ կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնը. «Թուրքիոյ համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ իր անցեալին հետ հաշուի նստիլը։ Օր մը պիտի յայտնուի թուրք ղեկավար մը, որ փոխանակ պատժելու այն անձերը, որոնք անցեալի ճշմարտութիւններուն մասին պիտի խօսին, պիտի նախընտրէ երես առ երես գալ Անատոլուի հողերուն վրայ գործուած մեղքերուն հետ։ Շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ Թուրքիա հետազօտութիւններ ընէ 1915ի մասին, որովհետեւ ճշմարտութիւն է, որ այդ շրջանին մէջ հարիւր հազարաւոր, նոյնիսկ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ մեռաւ, բայց տակաւին յստակ կերպով չէ ճշդուած, թէ այդ մահերը հետեւանք էին հետեւողական ծրագրի՞ մը, թէ ոչ արդիւնք էին այդ շրջանի պայմաններուն։ Ասոր համար պատմաբանները պէտք է բանան իրենց արխիւները եւ միայն այն ատեն Թուրքիոյ հակառակորդները պիտի լռեն»։
Թերթը դիտել կու տայ, որ Թուրքիա բնաւ հաշտ աչքով պիտի չնայի Քոնկրեսէն որոշումի մը, որ պիտի զօրացնէ ազգայնապաշտ տարրերուն դիրքը՝ աւելի դժուարացնելով կացութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.