ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի աշխատանքը հեւքոտ է: Զարմանալի պիտի ըլլար, եթէ այդպէս չըլլար: Ի վերջոյ օրաթերթ է եւ ամէն օր ժամկէտով աշխատելու պարտաւորուած: Թերթը պէտք է տպարան ուղարկուելու պատրաստ ըլլայ կէսօրէ ետք ժամը երկուքին, ամէնէն ուշը՝ ժամը երկուքին, այլապէս տպագրելու, հասցէագրութեան եւ նամակատուն հասցնելու ամբողջ գործընթացը կը խախտուի՝ պատճառելով թերթին ուշացումը:
«Ասպարէզ» միշտ եղած է ճշդապահ: Խմբագրական կազմի իւրաքանչիւր անդամի ճիգ ու ջանքով, թերթի էջերուն վերջին սրբագրութիւնը կ՛աւարտի ժամը երկուքէն առաջ, յաճախ նոյնիսկ մէկ ժամ առաջ, եւ համացանցի միջոցաւ քանի մը երկվայրկեան ետք կը հասնի տպարան:
Օրուան գործը կը սկսի առաւօտեան ժամը վեցին: Աշխարհի չորս ծագերէն՝ նախ հայկական, ապա հայութեան հետ ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւն ունեցող, ապա միջազգային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող լուրերը կը հաւաքուին, կը մշակուին, կը խմբագրուին, կը սրբագրուին, կը տեղաւորուին համապատասխան էջերու վրայ՝ նախընտրաբար նկարներու ընկերակցութեամբ:
Առաւօտեան աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացած են լուրերու վրայ:
«Ասպարէզ»ը օրական, միջին հաշիւով, եօթը էջ թարմ լուրեր կու տայ: Յետմիջօրէի աշխատանքը կը յատկացուի յօդուածներու ընտրութեան, թղթակցութիւններու դասաւորման, թարգմանութեան, խմբագրման ու էջադրման: Նաեւ կէսօրէ ետքերն է, երբ կը պատրաստուին առաւել մեծ ծաւալ ունեցող շաբաթօրեայ թիւի որոշ էջեր, ինչպէս՝ հարցազրոյցներ, բժշկական, կնոջական, կրօնական, ժամանցի նիւթեր: Յետմիջօրէին կը պատրաստուին նաեւ յատուկ թիւերու հետ կապուած էջերը:
Եթէ ուշադիր նայիք թերթի երկրորդ էջին վրայ տեղադրուած աշխատակազմը ներկայացնող սիւնակին, արդէն գաղափար մը կ՛ունենաք աշխատանքի բաժանումին մասին: Բայց, անշուշտ, այդ սիւնակը պէտք է բանալ, պէտք է ներկայացնել այնտեղ աշխատողները՝ ըստ արժանւոյն, եւ գնահատել զանոնք, որովհետեւ, իրապէս ահագին սիրով, եռանդով ու նուիրումով իրենց գործը կատարողներու խումբ մը հաւաքուած է այստեղ, այս նոր շէնքին մէջ, որուն, ըստ ձեւի՝ պաշտօնական, սակայն ըստ էութեան՝ մտերմիկ ու անպաշտօն, բացումը տեղի պիտի ունենայ այս Կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը երեքին:
Հրամմեցէ՛ք եւ տեսէ՛ք մեր աշխատատեղին, մեր սիրելի խմբագրատունը: