ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 120ամեակին առիթով, ՀՅԴ Արցախի Կեդր. կոմիտէի որոշումով, 2010ը յայտարարուած է ՀՅԴ 120ամեակի տօնակատարութիւններու տարի, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած են շարք մը հանդիսութիւններ:
Յոբելինական տօնակատարութիւնները սկսած են Հադրութ քաղաքէն, ուր Փետրուար 26ին, ՀՅԴ Հադրութի կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ձեռնարկ մը, որուն ներկայ եղած են Շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վ. Գէորգեանն ու այլ պաշտօնատար անձինք, ՀՅԴ Արցախի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, նաեւ կոմիտէի անդամներ, կուսակցականներ, երիտասարդներ եւ համակիրներ:
Շնորհաւորելով ներկաները՝ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը յայտնած է, թէ Դաշնակցութիւնը միայն դաշնակցականներու կուսակցութիւնը չէ, այլ ազգային կուսակցութիւն է, որ 120 տարի շարունակ կանգնած է իր ազգի կողքին եւ դեռ պիտի շարունակէ պայքարիլ ու գործել յանուն հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն եւ նպատակներուն:
Անդրադառնալով հայութեան համար ամենակարեւոր հարցերուն՝ Դ. Իշխանեան յայտնած է, թէ Արցախեան հիմնահարցի վերջնական լուծման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով արդարութեան վերականգնման ուղղութեամբ, ՀՅԴն ոչինչ չի խնայեր, եւ թէ Դաշնակցութեան մօտեցումները լիովին կ՛արտայայտեն հայ ժողովուրդին կամքը:
Տօնակատարութեան ընթացքին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկած են նաեւ Հադրութի Շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վ. Գէորգեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Լեւոն Հայրեան, Հադրութի շրջանի ՀՅԴ կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Բադասեան, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ՀՅԴ կազմակերպութեան շարք մը մարմիններու ներկայացուցիչներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.