ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Ամէն տարի, Յունուարի վերջաւորութեան կամ Փետրուարի առաջին շաբաթներուն տեղի կ՛ունենար Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը: Այս տարի, յապաղումով, ան տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 7ին, Հայ Երիցագոյն առաջին եկեղեցւոյ փոքր սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ աւելի քան 30 հայրենակիցներու:
Վարչութեան եւ անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած կէսօրուան ճաշը ճաշակելէ ետք, ժամը 2ին ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն: Վարչութեան ատենապետ Նշան Տէր Գալուստեան, բացման խօսքէն ետք ժողովականները հրաւիրեց, որպէսզի կատարեն Ընդհանուր ժողովի դիւանի ընտրութիւնը. միաձայնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ Սարգիս Փանոսեանը, իսկ ատենադպրուհի՝ Արուս Տէր Գալուստեանը:
Նորընտիր դիւանը ժողովի աշխատանքները սկսաւ՝ ժողովականներուն ներկայացնելով վարչութեան պատրաստած օրակարգը, ապա տեղի ունեցան հաշուեքննիչ եւ բանաձեւի յանձնախումբերու ընտրութիւն: Հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան Պօղոս Հանտեան եւ Արա Քէնտիրճեան, իսկ բանաձեւի՝ Ժանօ Քերքէզեան, Յակոբ Քերքէզեան եւ Անէթ Ակիւլեան:
Վարչութեան քարտուղար Մարտիկ Չանչանեանը ներկայացուց վարչութեան միամեայ գործունէութեան խնամքով պատրաստուած նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, իսկ Սալբի Ատըմ՝ վարչութեան հաշիւները: Ներկաներուն կողմէ եղան հարցումներ տեղեկագրին մասին եւ տրուեցան անոնց պատասխանները, ապա, ըստ սովորութեան, քննարկուեցաւ վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը, եւ դրական հաստատումներով ու գովասանական խօսքերով վերջ գտաւ քննարկումը:
Ընդհանուր ժողովէն ընտրուած հաշուեքննիչ եւ բանաձեւի յանձնախումբերը, քննելէ ետք վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը, վարչութեան հաշիւները գտած են կատարեալ, իսկ գործունէութիւնը՝ գնահատելի: Ապա նոր վարչութեան տրուեցան առաջարկներ:
10 վայրկեան դադարէ ետք տեղի ունեցան լրացուցիչ անդամներու ընտրութիւն: Երկու տարուան իրենց ժամանակաշրջանը աւարտած էին Մարտիկ Չանչանեանը եւ Յովիկ Քերքէզեանը, իսկ Ժանէթ Ադամեան՝ անհանգստութեան պատճառով, ժողովականներէն խնդրեց իրեն փոխարէն ուրիշ մը ընտրել: Ժողովը համաձայն գտնուեցաւ խնդրանքին Ժանէթ Ադամեանի, որ տարիներ անսակարկ, իր ամուսնոյն՝ Զարեհին հետ, աշխատած է միութեան վերելքին եւ բարգաւաճման համար, եւ որուն մասին վարչութիւնը միշտ գովասանքով արտայայտուած է:
Ժողովականներու ձեռամբարձ քուէարկութեամբ, վերոյիշեալ անդամներուն փոխարէն ընտրուեցան հետեւեալները՝ Նարդուհի Փանոսեան, Անէթ Ակիւլեան եւ Ժանօ Քերքէզեան:
Ժողովի նախագահը, յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան եւ ներկաներուն թելադրեց, որ թիկունք կանգնին վարչութեան աշխատանքներուն, նաեւ մաղթեց, որ 2010 տարեշրջանը, որ կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան 95ամեակին, իրապէս ըլլայ բոլոր մուսալեռցիներուս եւ համայն հայութեան համար բարգաւաճման, իսկ մեր բոլոր երազներուն եւ անկատար տենչերուն իրականացման տարեշրջան մը:
Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց ժամը 4ին:
Ընդհանուր ժողովէն ետք, դիւանին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութեան դիւանի ընտրութիւնը՝ հետեւեալ ձեւով.
Սալբի Ատըմ՝ ատենապետուհի
Նարդուհի Փանոսեան՝ քարտուղարուհի
Անէթ Ակիւլեան՝ գանձապահուհի
Իսկ Նշան Տէր Գալուստեան, Յովհաննէս Շաննագեան, Ալեքսան Ճուհարճեան եւ Ժանօ Քերքէզեան՝ խորհրդականներ: