ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, որ կը յայտնէ, թէ նոյն յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ Մարտ 5ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիպում-զրոյց՝ աշխատանքային կարճատեւ այցով Միացեալ Նահանգներ ժամանած ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ԱԺ Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէական յանձնաժողովի փոխնախագահ Արծուիկ Մինասեանի հետ:
Հանդիպումը բացուած յայտարարեց Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի գրասենեակի պատասխանատու Սարօ Նազարեանը, որ նախ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով թիւ 252 բանաձեւը նախորդ օրը՝ Մարտ 4ին Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ ընդունուելու իրադարձութեան՝ ներկաները հրաւիրեց ծափողջոյններով շնորհաւորելու ու ողջունելու սոյն յաղթանակը, որ ձեռք բերուեցաւ համայն ամերիկահայութեան, բայց մանաւանդ՝ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի աննկուն եւ աննահանջ ջանքերուն եւ քաղաքական պայքարին շնորհիւ: «Այս յաղթանակը նախաքայլն է շարունակուող այն պայքարին, զոր ամերիկահայութիւնը լիայոյս է, որ կը պսակուի բանաձեւի վերջնական ընդունմամբ՝ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ», նշեց ան:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական բեմահարթակին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական իրավիճակին արդիւնքով, ընկերային ու իրաւական ցաւոտ հարցերը տակաւին կը մնան չլուծուած: «Հայաստանի հանրապետութիւնը ցաւօք, այսօր, ո՛չ իրաւական, ո՛չ սոցիալական եւ ո՛չ ժողովրդավարական երկիր է», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեանը եւ կարեւոր գտաւ սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնն ու գործուն մասնակցութիւնը հայրենիքի՝ ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ քաղաքական ու ընկերային բոլոր հարցերու հանգուցալուծման գործընթացներուն:
Իսկ խօսելով հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւններու ազգավնաս հետեւանքներուն մասին՝ Արծուիկ Մինասեանը նշեց, որ Ազգային ժողովին մէջ դաշնակցական պատգամաւորները իրենց համակիր գործընկերներուն հետ միատեղ պէտք է պայքարին՝ արձանագրութիւններու վաւերացումը ներկայ ձեւաչափով ու բովանդակութեամբ կասեցնելու համար: Պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը անդրադարձաւ իշխանափոխութեան հարցով ՀՅ Դաշնակցութեան յայտարարութեան՝ նշելով, որ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, Դաշնակցութիւնը պիտ ընէ ամէն ինչ՝ համակարգային իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար: «Մեր նպատակը սոսկ իշխանաւորների փոփոխութիւն չէ, մեր նպատակը երկրում ժողովրդավարական ընտրութիւններով արմատական փոփոխութիւններու հասնիլն է», նշեց պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ միասնական պայքարով պէտք է հասնենք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտման:
Իր ելոյթէն ետք, Արծուիկ Մինասեանը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Յաջորդ օրը՝ Մարտ 6ի առաւօտեան ժամը 10ին, Արծուիկ Մինասեան ներկայ գտնուեցաւ ի պատիւ իրեն Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբին կազմակերպած նախաճաշ-հանդիպման, որուն ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Անտոն Սարոյեանը, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր Հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննէսեանը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանը, ՀՅԴ կոմիտէութիւններու, ազգային մարմիններու, մշակութային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ լոսանճելըսահայ մտաւորականութեան, մամուլին եւ հեռուստակայաններու ներկայացուցիչներն ու այլ հիւրեր:
Ելոյթ ունենալով միջոցառման ընթացքին՝ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան անդրադարձաւ Հայաստանի ընկերատնտեսական ու քաղաքական կեանքէն ներս արմատական փոփոխութիւններու նպատակաուղղուած ՀՅԴ ծրագիրին, եւ պատասխանեց ներկաներու բազմաբնոյթ հարցերուն: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ այնպիսի պայմաններ ստեղծուին, որ վերջին տարիներուն հայրենիքէն արտագաղթած հայրենակիցները ետ վերադառնան եւ լծուին Հայաստանի վերելքի ու բարգաւաճման հայրենանուէր գործին: