ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Պոլսոյ եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ ցուցադրուած պատմական բացիկներու «Սիրելի եղբայրս» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ նուրիուած է 1900-1910 տարիներուն լոյս տեսած եւ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայութեան ամէնօրեայ կեանքը վաւերագրող բացիկներուն, մէջտեղ եկած էր շնորհիւ հրատարակիչ Օսման Քէօքերի ջանքերուն: Այդ բացիկներուն մէկ մասը պիտի ցուցադրուին Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Հինգշաբթի, Մարտ 18ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Մուտքը ազատ է:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան (NAASR), Պոլսահայ միութեան եւ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի համատեղ ջանքերով: Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Կլենտէյլի հանրային գրադարանը:
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard St, Glendale, CA 91205: Տեղեկութեանց համար դիմել
(818) 548-3288 թիւին, կամ EGrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին: