Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, թէ՛ արտաքին աշխարհին պատգամ տալու մտահոգութեամբ եւ թէ ներքին քաղաքական կեանքը հաւասարակշռելու նպատակաւ, պարբերաբար ելոյթներ կ՛ունենայ Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ, ու անպայման կը կատարէ նաեւ պատերազմի սպառնալիք։ Վերջերս, աւելի յաճախակի կերպով ան կը խօսի զէնքի միջոցաւ Ղարաբաղը վերագրաւելու հրամայականի մը մասին։
Ալիեւ այս անգամ խօսեցաւ Կապալայի մէջ, ուր կը բնակին Ղարաբաղէն հեռացած գաղթականները։ Ատրպէյճանի նախագահը ղարաբաղեան պատերազմին մէջ հայերուն ունեցած յաջողութիւնը վերագրեց ռուսերու ու ֆրանսացիներու օժանդակութեան։ «Ասիկա անիրաւ կարգավիճակ մըն է, զոր Ատրպէյճան չի կրնար ընդունիլ։ Ժամանակը եկած է, որ այդ անիրաւ կարգավիճակը փոխուի։ Մեր համբերութիւնը սահման ունի. իբրեւ ազգ, պէտք է ցոյց տանք, որ մենք այս անիրաւ կարգավիճակը բարեփոխելու ուժը ունինք։ Եթէ հարկ ըլլայ, մեր հողերուն համար պատրաստ ենք կռուելու», կրկնեց ան:
Հետաքրքրական է այն, որ Ֆրանսա եւ Ռուսիա անդամ են Արցախի հարցի լուծման համար աշխատող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
minag’e kud enelou angarogh e ayt “abouch’e