ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է՝ եթէ Մարտ 4ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւի առնչութեամբ «սխալ քայլ» մը առնէ, ապա Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը «պիտի խորտակուի»։
«Մեր հանդիպումները կը շարունակուին։ Հարցի առնչութեամբ խօսած ենք նաեւ Միացեալ Նահանգներ կատարած իմ վերջին այցելութեան ընթացքին։ Մեր խորհրդարանականները ներկայ պահուս Միացեալ Նահանգներու մէջ են։ Այդ գործընթացը կը շարունակուի։ Մեր դիրքորոշումը յայտնի է։ Գոյութիւն ունի գործընթաց, որուն մեկնարկը տրուած է Զուիցերիոյ մէջ, եւ ան կը շարունակուի։ Կը հաւատամ, որ փոխադարձաբար, բարի նպատակներու շարունակութեան պարագային, պիտի հասնինք արդիւնքի։ Եթէ Մարտին սխալ քայլ մը կատարուի Ապրիլ 24ի առնչութեամբ, գործընթացը պիտի խորտակուի։ Կը կարծեմ, որ Քոնկրեսի անդամները հաշուի կ՛առնեն հարցի զգայնութիւնը», յայտարարած է Էրտողան։
Իր կարգին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պուրաք Էօզիւկերկին Երկուշաբթի օր նման յայտարարութիւն մը կատարած է՝ յոյս յայտնելով, որ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը «պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ այս հարցին», եւ կը մերժէ «թուրք ամերիկեան յարաբերութիւններուն վնասող եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը արգելակող բանաձեւը»։
«Անգարան կը յուսայ, որ ամերիկացի օրէնսդիրները, հաշուի առնելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման միտող քայլերուն ակնկալուող վնասը՝ Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի հարցին մէջ պիտի առաջնորդուին պատասխանատուութեան զգացումով», նշած է Էօզիւկերկի։
Յայտնենք, թէ թրքական իշխանութիւնները բանաձեւին վաւերացումը կանխարգիլելու նպատակով, Ուաշինկթըն ղրկած են երկրորդ պատուիրակութիւն մը։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով փոխնախագահ եւ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ խմբակի համանախագահ Սուաթ Քընըքլըօղլուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երկուշաբթի օր Ուաշինկթըն մեկնած է։
«Հայկական Սփիւռքը ատիկա փորձեց ընել 2007ին, սակայն անոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան։ Բանաձեւը ընդունուեցաւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, սակայն չընդգրկուեցաւ լիագումար նիստի օրակարգին մէջ։ Այս անգամ մենք պիտի փորձենք կասեցնել բանաձեւի ընդունումը ինքնին Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ։ Եթէ ատիկա հնարաւոր չդառնայ, ապա ջանքեր պիտի գործադրենք, որպէսզի թոյլ չտանք զայն լիագումար նիստի օրակարգ բերել», յայտարարած է Քընըքլըօղլուն՝ աւելցնելով, որ «անհեռատեսութիւն է» նման բանաձեւ մտցնելը Քոնկրեսի օրակարգ, այն ժամանակ, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց։
Նշենք, որ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Մուրատ Մերճանի գլխաւորութեամբ, հինգ հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ուր թուրք երեսփոխանները հանդիպում պիտի ունենան իրենց ամերիկացի գործընկերներուն հետ եւ պիտի փոխանցեն Անգարայի մտահոգութիւնները Ցեղասպանութեան բանաձեւին առնչութեամբ։
Նաեւ, ըստ «Սապահ» օրաթերթին, Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան, բանաձեւին վաւերացումը կանխելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու սկսած է։
Mr,Amico, panatzev 252 oush, ganoukh bidi vaveratzi,
verche protocolnere bidi khordakvi, aynbes vor nakh kan
aroghchootian azte kna doctori toun Brain Damage ounis !!!
Brain domage that meen strok?
yes
or heart atack
ma
Brain domage that meen strok?
yes
or heart atack
may be
hraya chouner’e kordzi vra yen
Barsig’e hab’e gella
ourem’n haraperapar
kitch me houyss ga!
Brain domage that meen strok?
yes
or heart atack
may be
hraya chouner’e kordzi vra yen
Barsig’e hab’e gella
robot toun sedakhoss m’n yess
ourem’n haraperapar
kitch me houyss ga!
houyss ga?
varbed
VIVE l”arménie