ԹԻՖԼԻՍ.- Ըստ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Նինօ Գալանտածէի կատարած Մարտ 1ի յայտարարութեան, ռուս-վրացական սահմանի Վերին-Լարս անցակէտին բացումը կայացած է Հայաստանի իշխանութիւններուն խնդրանքով:
«Մենք այդ փաստը կը գնահատենք իբրեւ դրական նախադէպ, երբ երկու երկիրներուն միջեւ տարաձայնութիւնները չեն ազդած երրորդ պետութեան մը վրայ: Ատիկա առաջին դիւանագիտական համաձայնութիւնն է՝ ձեռք բերուած Զուիցերիոյ դեսպանատան միջնորդութեամբ», յայտարարած է Գալանտածէ, որուն հաւաստումով, անցակէտին բացումը որեւէ սպառնալիք չի ստեղծեր Վրաստանի անվտանգութեան համար:
Ան նաեւ նշած է, որ հակառակ սահմանի հսկումի մեղմացած քաղաքականութեան, վրացական կողմը ձեռնարկած է զանազան միջոցներու՝ խուսափելու համար սադրանքներէ:
Մարտ 1ին Երեւանի մէջ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու (գործատուներու) միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեանը յայտնած է, թէ յառաջիկայ շաբաթ, նշեալ անցակէտով Հայաստան պիտի կատարէ բեռներու ներմուծում եւ արտածում:
«2006ի Նոյեմբերի փակումից յետոյ, մենք օգտւում էինք միայն լաստանաւային, աւթոմոպիլային փոխադրումներից, որոնք իրենցից ենթադրում էին մի քանի խնդիրներ՝ տեղերի սահմանափակ քանակ, փոխադրման ժամանակի կորուստ. դա մեզ մօտ մօտաւորապէս մէկ ամիս էր տեւում եւ էապէս ազդում էր տնտեսական արդիւնաւէտութեան եւ գնային քաղաքականութեան վրայ: Այլեւս մենք ունենք հնարաւորութիւն՝ երկու շաբաթում անցնել այդ երթուղուն», ըսած է Ա. Ղազարեան եւ աւելցուցած, թէ նախնական հաշուարկներով, անցակէտի բացումով 20-25 տոկոս պիտի աժաննայ բեռներուն փոխադրումը:
Բանախօսը յատկապէս մատնանշած է սպասուող տարանցման արագութեան անհրաժեշտութիւնը, որ, իր համոզումով, պիտի խթանէ գիւղատնտեսական մթերքներու արտահանման: «Այս բեռնատեսակները տեղափոխւում են սառնարանային ռեժիմ պահանջող մեքենաներով, եւ որքան արագ են տեղ հասնում, այնքան նրանց որակը լաւ է պահպանւում: Մենք ամէն տարի ունենում ենք ծիրանի լաւ բերք, բայց դրա մեծ մասը չենք կարողանում արտահանել Ռուսաստան՝ սահմանափակ փոխադրամիջոցներ ունենալու հետեւանքով: Այդ առումով, մենք՝ որպէս գործարարներ, խիստ կարեւորում ենք անցակէտի երկար սպասուած բացումը», նշած է միութեան նախագահը, որ անցակէտի բացման առումով կարեւոր համարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետեւողական աշխատանքը Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ղեկավարներուն հետ:
Սակայն, միաժամանակ, Ա. Ղազարեան ցաւով նշած է, թէ Վերին-Լարս անցակէտով Ռուսիոյ մաքսային մարմինները չեն արտօներ գինիի, քոնեաքի եւ հայկական օղիի փոխադրումը, որ պիտի շարունակուի փոխադրուիլ լաստանաւերով: