Չորեքշաբթի, Փետրուար 24ին, կ.ա. ժամը 10ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին կազմակերպած Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը, որու ընթացքին պիտի իրագործուի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ու պիտի հրամցուին Պահքի յատուկ ճաշեր։