ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ Հայաստանի մէջ երկրորդ բանակավայր մը գնելու լուրը: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը Երեւանի մօտակայքը գտնուող այս բանակավայրը գնած է Հայաստանի Ազգային սկաուտական կազմակերպութեան (ՀԱՍԿ) համար՝ շնորհիւ Լոս Անճելըսէն Յովսէփեան ընտանիքի նուիրատուութեան: Բանակավայրը պիտի կրէ Հայկ Յովսէփեան անունը՝ ի յիշատակ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան երկարամեայ ու վաստակաւոր անդամին: Ստորեւ կը հրատարակենք ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնը՝ ամբողջութեամբ.

«ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Յովսէփեան ընտանիքի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ իրականացաւ Երեւանի մէջ, Էրեբունի շրջանի մօտ բանակավայրի մը գնումը։
Վերոնշեալ բանակավայրը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի երկրորդ սեփական բանակավայրը կը հանդիսանայ հայրենիքի մէջ՝ Բիւրականի բանակավայրին կողքին։ Նկատի ունենալով, որ բանակավայրը Երեւանի մէջ կը գտնուի, անիկա պիտի օգտագործուի ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շաբաթական սկաուտական զանազան գործունէութեանց ընթացքին։
Բանակավայրի գնման աշխատանքը իրականացաւ վերջին ամիսներուն ընթացքին, խումբ մը նուիրեալ ՀՄԸՄական եղբայրներու աշխատանքով եւ Յովսէփեան ընտանիքին սրտաբուխ նուիրատուութեամբ։ Բանակավայրը պիտի կոչուի «ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Հայկ Յովսէփեան բանակավայր», հանգուցեալ ՀՄԸՄական եղբ. Հայկ Յովսէփեանի յիշատակին։
Եղբ. Հայկ Յովսէփեան, մինչեւ իր կանխահաս մահը՝ 2004 թուական, եղած է նուիրեալ ու գործունեայ ՀՄԸՄական, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ։
Ան եղած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Նաւասարդեան Խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու։ Եղբ. Յովսէփեան յատուկ սէր եւ նուիրում ունէր ՀՄԸՄի հանդէպ, նաեւ հաւատք՝ միութեան երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան առաքելութեան նկատմամբ։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը բանակավայրի շինարարական աշխատանքներուն եւ բարգաւաճումին համար յառաջացուցած է յատուկ ենթայանձնախումբ մը։ Յառաջիկայ ամիսներուն ծրագրուող շինարարական եւ բանակավայրին բարեզարդման ընդհանուր ծախսերուն համար նախատեսուած է 100,000 ամ. տոլար։
Գումարին կարեւոր համեմատութիւնը ապահովուած է Յովսէփեան ընտանիքին կողմէ, իսկ մնացեալը՝ հանգուցեալ եղբ. Հայկ Յովսէփեանի ընկերներուն կողմէ»։