ՓԱՐԻԶ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ հետեւեալը.
«Հայ-թուրք արձանագրութիւնները, առաւել՝ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան, թրքական մերժողական եւ ուրացման վարքագիծին, հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական կացութեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ջաւախքի հայութեան կարգավիճակի առումով սրընթաց արագութեամբ յարափոխուող ներկայ պայմանները, ինչպէս նաեւ այս հոլովոյթին մէջ թուրք պետութեան ներդրած նիւթական ու ֆիզիքական հսկայական ջանքերը նոր պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն հայութիւնը ու մանաւանդ Ֆրանսայի հայութիւնը՝ յաւելեալ թափով ընդարձակելու Հայ Դատի հետապնդման պայքարը։
Այս իմաստով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի կազմակերպութեան որոշումով, Փարիզի մէջ կեանքի կը կոչուի յատուկ գրասենեակ, որ իր արհեստավարժ աշտօնէութեան կարողականութիւնը պիտի տրամադրէ Հայ Դատի հետապնդման տարբեր աշխատանքներուն։
Եւրոպայի Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակին հետ գործակցաբար, այս նոր գրասենեակը պիտի աշխատի Ֆրանսայի քաղաքական, պետական, ակադեմական թէ այլ շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու մօտ ամէնօրեայ գործունէութիւն ծաւալել՝ զուգահեռաբար Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ գործակցելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համադրող խորհուրդին հետ։
Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակը պիտի գործէ յար եւ նման Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ռուսիոյ, Յունաստանի, Միջին Արեւելքի մէջ արդէն իսկ լայն գործունէութիւն ծաւալած գրասենեակներու, վստահ ըլլալով, որ պիտի արձանագրէ յաջող արդիւնքներ յանուն Հայ Դատի պայքարին։