ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Ուրբաթ, Փետրուար 12ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան բուռն կերպով քննադատած է Եւրոպական խորհրդարանը, որ Թուրքիոյ կոչ ուղղած էր իր ուժերը հեռացնելու Կիպրոսէն։
«Եւրոպական խորհրդարանի տեղեկագիրը միակողմանի կերպով գրուած է, այնպիսի ձեւով մը, որ կը հակասէ իրականութեանց։ Աստուծոյ սիրոյն, Եւրոպական խորհրդարանը կո՞յր է։ Անոնք պէտք է իրենց աչքերը եւ ականջները դէպի Արեւելք բանան։ Անոնք պէտք է ճշմարտութիւնը խօսին», ըսած է Էրտողան Անգարայի մէջ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններու ներկայութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.