ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ զարգացնելու մասին արձանագրութիւնները Ուրբաթ, Փետրուար 12ին յղուած են Հայաստանի Ազգային ժողով: ԱԺ կանոնակարգին համաձայն, Ազգային ժողովի նախագահը երկու աշխատանքային օրուան ընթացքին, այս պարագային՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի օր, արձանագրութիւնները պիտի դնէ շրջանառութեան մէջ եւ պիտի նշանակէ յատուկ յանձնաժողով: Իբրեւ Հայաստանի նախագահի ներկայացուցիչ, խորհրդարանին մէջ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.