ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 9ին Վրաստանի խորհրդարանին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքական խօսնակ Լեւան Վեպխուածէ յայտնած է, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը, Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանի գիւղացիներուն օգնելու համար, պէտք է մշակէ յստակ ծրագիր մը։
«Եթէ կառավարութիւնը չօգնէ այդ տարածաշրջանի բնակչութեան, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Շիտա-Քարթլիի գիւղացիները կը խոստանան, որ իրենց բերքը պիտի բերեն ու նետեն նախարարութիւններու դռներուն մօտ», ըսած է Վեպխուածէ:
«Սամցխէ-æաւախքի եւ Շիտա-Քարթլիի տարածաշրջաններու գիւղացիները կառավարութենէն կը պահանջեն, որ իրենց օգնէ այնպէս, ինչպէս կ՛օգնէ Կախէթի տարածաշրջանի գիւղացիներուն՝ խաղողի բերքահաւաքի ժամանակ, եւ Արեւմտեան Վրաստանի բնակիչներուն՝ ցիթրուսային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի ժամանակ», նշած է կուսակցութեան խօսնակը:
Վեպխուածէ ընդգծած է, թէ կառավարութեան կողմէ գիւղացիներուն օգնելու ծրագրին պատրաստումն ու իրացումը առիթ պիտի տայ իրավիճակէն դուրս գալու: «Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանին մէջ 1 քկ. խնձորի գինը կը տատանի 3-5 տետրիի սահմաններուն մէջ: Տեղի բնակիչները շատ ծանր վիճակի մէջ են, եւ երկրի կառավարութիւնը պարտաւոր է անոնց, իբրեւ օգնութիւն, գումար մը յատկացնէ պահուստային ֆոնտէն», յայտարարած է Վեպխուածէ: