ԱՐՑԱԽ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Փետրուար 1ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած Արցախի ներդրումային հիմնադրամին կողմէ 2009ին իրականացած աշխատանքներուն։
Երկրին ղեկավարը բաւարար համարած է նշեալ հիմնադրամին գործունէութիւնը՝ նշելով, որ հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութեան, կառոյցը ի վիճակի եղած է կայուն կերպով իրականացնելու նախատեսուած ծրագիրները:
Նախագահը ընդգծած է, թէ 2010ին ան նոյնպէս կ՛ակնկալէ հիմնադրամի աշխոյժ գործունէութիւնը Ղարաբաղի մէջ։
Նշենք, որ խորհրդակցութեան մասնակցած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: