ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի օգնական Շուշան Յունանեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ Յունուար 13էն ետք «խոզի հարբուխ»ի նոր դէպքեր չեն արձանագրուած: Այդ պատճառով եւ ըստ նախատեսուածին, Փետրուար 1ին վերաբացուած են Հայաստանի մանկապարտէզները:
Յիշեցնենք, որ հիմք ընդունելով առողջապահութեան նախարարին առաջարկը՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ստորագրած էր հրաման մը, ըստ որուն, 2009ի Դեկտեմբեր 8-28, Հայաստանի մէջ գործող նախակրթական եւ հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնական գործընթացը դադրած էր: