ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մամլոյ ծառայութեան, Յունուար 22ին ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը սկսած է ծրագրային դիտարկում իրականացնելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծի՝ Ասկերանի ուղղութեամբ:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Փիթըր Քին (Մեծն Բրիտանիա), Վլատիմիր Չունտուլով (Պուլկարիա) եւ Ժասլան Նուրտազին (Ղազախստան):
Հակառակ կողմէն սոյն առաքելութիւնը ղեկավարած է ԵԱՀԿ գրասենեակի համակարգող՝ փոխգնդապետ Իմրէ Պալատինուս (Հունգարիա), որ առաջին վայրկեաններէն սկսեալ, անյայտ պատճառներով ընդհատած եւ ապա դադրեցուցած է դիտարկումը: