ԱՆԳԱՐԱ.- «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Յունուար 20ին, ակնարկելով Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի Յունուար 12ի յայտնի որոշումին՝ յայտնած է, թէ Հայաստան փորձած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները փոփոխութեան ենթարկել։
Ժետտայի (Սէուտական Արաբիա) մէջ, Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Էքմելետին Իհսանօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Էրտողան յայտնած է, թէ Թուրքիա «արձանագրութիւնները ուղղակի խորհրդարան ուղարկեց, առանց, միջանկեալ, զայն Սահմանադրական ատեանի կամ այլ կառոյցի մը յանձնելու։ Նախադասութիւններուն վրայ գործողութիւն չենք կատարած։ Արձանագրութիւնները, ինչպէս ստորագրուած էին, այնպէս ուղարկեցինք խորհրդարան եւ անկեղծութիւն ցոյց տուինք»։
Էրտողանի համաձայն, «Հայաստան փորձած է արձանագրութիւնները փոփոխութեան ենթարկել։ Այդպիսի փորձ մը պէտք է սրբագրուի։ Եթէ սրբագրութիւն չկատարուի, ապա գործընթացը պիտի վնասուի։ Մենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները այս պարունակէն դուրս պահելու դիրքի մը վրայ չենք գտնուիր»։
Իր կարգին, ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Չորեքշաբթի օր կոչ ըրաւ կառավարութեան, որ արձանագրութիւնները անմիջապէս քաշէ խորհրդարանէն, միաժամանակ աւելցնելով, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ Թուրքիոյ ժողովուրդէն, նման արձանագրութիւններու տակ ստորագրած ըլլալուն համար:
Թրքական կողմը դժգոհ է յատկապէս Սահմանադրական դատարանի վճիռին այն կէտէն, ուր կը շեշտուի, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը նեցուկ կը կանգնի Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխատանքներուն:
«Հայաստան խախտեց խաղին կանոնները» խորագիրով յօդուածի մը մէջ, «Հիւրրիյէթ» նաեւ կը շեշտէ, որ Սահմանադրական դատարանի որոշման մէջ միւս կարեւոր կէտը «փոխադարձ սահմանները ճանչնալու» հատուածն է։ «Թուրքիա այդ կէտը կը մեկնաբանէ իբրեւ Հայաստանի կողմէ 1921ին Կարսի պայմանագրի ճանաչում։ Սակայն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը որոշում ընդունած է այն մասին, թէ սահմանները ճանչնալու հարցը կրնայ գործել միայն Հայաստանի հանրապետութեան անկախացումէն, այսինքն՝ 1991էն ետք ձեռք բերուած համաձայնագիրներու պարագային։ Թուրքիոյ համար անընդունելի է Սահմանադրական դատարանի որոշման այն կէտը, թէ Հայաստան անընդունելի կը նկատէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստին հանդէպ որեւէ կասկած։ Դատարանը այս վճիռը հաստատած է Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի 11րդ պարբերութեան վրայ», կը գրէ թերթը:
«Սահմանադրական դատարանի որոշումը կը նշանակէ խաղի կէսէն փոխել խաղին կանոնները։ Դժուար, թէ Թուրքիա ընդունի իրեն համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող պատմաբաններու յանձնաժողովի ու սահմաններու հետ կապուած դատարանին մեկնաբանութիւնները», կ՛եզրափակէ «Հիւրրիյէթ»՝ աւելցնելով, որ կարեւոր պիտի ըլլայ այն, թէ ի՞նչ արձագանգ ցոյց պիտի տան Ամերիկան, Ռուսիան եւ Զուիցերիան, որոնք իբրեւ միջնորդ ներգրաւուած են այս գործընթացին մէջ։
Իր կարգին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանէն յօդուածագիր մը կը գրէ. «Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը կոտրեց արձանագրութիւններու հինմասիւներէն մէկը, եւ այսուհետեւ յառաջընթացի մասին խօսիլը շատ դժուար պիտի ըլլայ։ Այս բոլորին համար շատ երջանիկ են դաշնակցականներն ու Սփիւռքը»։
Ըստ նոյն կայանի յօդուածագիրներէն Թահա Աքեոլի, «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ունին երեք հիմնասիւն.
1) Երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու ճանաչում.
2) Պատմաբաններու համատեղ յանձնախումբի ձեւաւորմամբ 1915ի իրադարձութիւններու քննարկում.
3) Խորհրդարաններու կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացումէն ետք՝ երկամսեայ ժամկէտի ընթացքին սահմաններու բացում»։
«1915ի իրադարձութիւններու» քննարկման ուղին փակելով՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը կտրեց «պատմական յանձնախումբի» հիմնասիւնը, կը գրէ ան եւ կա՛ւելցնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, բանակցային գործընթացը խարխլած է արդէն:
Թուրք յօդուածագիրը ստեղծուած իրավիճակին ամբողջ մեղքը կը բարդէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վրայ, իսկ պատասխանատուութիւնը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, աւելցնելով, որ տուեալ պահին Թուրքիան յայտնուած է աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ։ «Արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարանի որոշման հետեւանքով յայտնուեցան փակուղիի դիմաց։ Այժմ Թուրքիոյ ձեռքին մէջ յայտնուած են նոր փաստարկներ իր բարի նպատակը միջազգային հանրութեան բացատրելու համար: Սահմանադրական դատարանի այս խնդիրը հայաստանեան իշխանութիւնները՝ իրե՛նք պէտք է լուծեն», կ՛եզրափակէ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.