ԵՐԵՒԱՆ.- Յունուար 20ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, թէ Թուրքիոյ ահազանգը, թէ՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) որոշումը կը հակասէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ոգիին եւ բանակցային գործընթացին, անմտութիւն է, քանի որ ՍԴի վերապահումները իրաւական հիմք չունին: «Սակայն, թուրքական կողմը բնաւ սխալ չէ, երբ մտածում է, որ որոշումը սահմանափակումների հիմք կարող է դառնալ», յայտնեց Կ. Մանոյեան եւ աւելցուց. «Թուրքիայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի ՍԴ որոշումը մի քիչ աւելի լաւ է հասկացել, քան մեր արտգործնախարարը»:
Բանախօսին համաձայն, Թուրքիան «անխելք» պէտք է ըլլայ, որ չվաւերացնէ այդ արձանագրութիւնները: Սակայն, ըստ իրեն, սկիզբէն արդէն ակնյայտ էր, որ Թուրքիա մտադիր չէ զանոնք վաւերացնել, առնուազն մինչեւ Ապրիլ 24՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 95րդ տարելից, եւ պիտի փորձէ գործընթացը ձգձգել. անոր համար ալ Հայաստանի ՍԴ որոշումը յարմար առիթ էր:
Մանոյեանի կարծիքով, հայ-թրքական բանակցային գործընթացին մէջ հնարաւոր են նոր զարգացումներ: Ան չի բացառեր, որ Հայաստանի նախագահին հեռաձայնեն Քլինթըն կամ Պայտըն՝ որոշ հաւաստումներ ստանալու համար։ ՀՅԴ ներկայացուցիչը, սակայն, կարեւոր կը գտնէ, որ մեր իշխանութիւնները չշեղին ՍԴի ճշդած ուղիէն եւ յանկարծ չփորձեն անոնց կայացուցած որոշումը նսեմացնել՝ յայտարարելով, թէ անիկա ներքին սպառման համար է:
Մանոյեան յայտնեց նաեւ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարծիքով, այդքան սահմանափակումներէ ետք լաւ պիտի ըլլար, որ ՍԴ յայտարարէր, թէ արձանագրութիւնները չեն համապատասխաներ Հայաստանի Սահմանադրութեան: Ըստ Մանոյեանի, թէեւ ատիկա տեղի չունեցաւ, սակայն ՍԴի կողմէ արձանագրուած սահմանափակումները բաւարար հիմք են, որ Ազգային ժողովը արձանագրութիւնները չվաւերացնէ, կամ, եթէ պիտի վաւերացնէ, առնուազն այդ սահմանափակումները անպայման «վաւերացման գործիքի մաս կազմեն»:
Կ. Մանոյեանի խօսքով, Հայաստանը պէտք է վաղուց դուրս եկած ըլլար բանակցութիւններէն: Թէեւ նախագահը չկատարեց իր խոստումը եւ գնաց Թուրքիա՝ ֆութպոլը դիտելու, սակայն արձանագրութիւններու պարագային, պէտք է պահէր յայտնի իր ուղերձին մէջ հնչեցուցած մտահոգութիւնները եւ դուրս գար բանակցութիւններէն, որովհետեւ Թուրքիան միտումնաւոր կերպով կը ձգձգէ գործընթացը:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուին համաձայն, այժմ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան հետ կը համագործակցին իրաւաբաններ, որոնց նպատակն է նախապատրաստել օրէնսդրական անհրաժեշտ փոփոխութիւններ, որոնք թոյլ պիտի տան Ազգային ժողովին արձանագրութիւնները վաւերացնելու ժամանակ վերապահումներ ընդգծել։ Ան նշեց, որ թէեւ հնարաւորութիւն կայ, որ Հայաստանի նախագահը Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ վերապահումներ առաջարկէ, սակայն այդ հաւանականութիւնը մեծ չէ: Կ. Մանոյեան նաեւ յայտնեց, թէ յառաջիկային պիտի սկսի հայ խորհրդարանականներուն ուղղուած «e-mail»ային արշաւը:
Ես բաձարցակապէս համաձայն եմ Պրն, Ժիրօ Մանոյեանի մտածելակերպին ու իր խօսքերուն: Ճիշդ է թէ Հայաստանի կառավարութիւնը շատոնց պէտք է դուրս գար այսպէս ըսուած Հայ-Թրքական գործընթացէն, սակայն քանի որ տակաւին դուրս չեն եկած անոնք, շատ կարեւոր կը նկատեմ որ Սահմանադրական դատարանի կողմէ արձանագրուած սահմանափակումները բաւական հիմք են որ կամ այդ անտանելի գործընթացը բոլորովին չի վաւերացուի եւ կամ առնուազն ազգային ժողովը չի վաւերացնէ այդ արձանագրութիւնները, այսինքն «protocol»ները: