Շաբաթ, Յունուար 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, թեմի Երիտասարդաց խմբակներու Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան խրախճանքը տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է թեմի Երիտասարդական միութեանց Վարիչ մարմինին կողմէ։
Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի աշխատանքներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցող այս ձեռնարկը կը վայելէ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։