ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ՝ Օգոստոսէն սկսեալ կ՛իրականացուի ԼՂՀ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի, Հադրութի, Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններու 85 դպրոցներու կահաւորման ծրագիրը։
Ըստ հիմնադրամի մամլոյ հաղորդագրութեան, անոր Ֆրանսայի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ՝ ընթացիկ տարուան ընթացքին կահաւորուած է աւելի քան 100 դպրոց։