ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի ֆութպոլի դաշնութեան կողմէ իրականացած հարցախոյզի արդիւնքներու համաձայն՝ Հայաստանի 2009ի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուած է Հայաստանի հաւաքականի եւ Տոնեցկի «մետալուրգ»ի յարձակողական ոճի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան, որ նաեւ ստացած է ՖԱՖ ֆութպոլասէրներու ակումբին սահմանած «երկրպագուների համակրանք» մրցանակը։