ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թօփգաբուի «Լեւոն Վարդուհեան» վարժարանին մէջ, «Ժամանակ» օրաթերթի հարիւրամեակի տօնակատարութիւններու շրջագիծէն ներս, տեղի ունեցած է բանախօսութիւն մը՝ «Ի՞նչ է հայութիւնը» նիւթով։
Օրուան հիւր բանախօս Շահան Արծրունի, շեշտը դրած է հայ ինքնութեան հարցին, մայրենի լեզուի իմացութեան վրայ՝ իբրեւ նախապայման հոգիով ու էութեամբ հայ մնալու համար։ Ան հայերէն լեզուի մասին իր գաղափարները արտայայտած է, կարեւորութեամբ ընդգծելով նաեւ կրօնքի դերը՝ հայապահպանութեան գործին մէջ։
Բանախօսութեան ներկայ գտնուած է Թաղային խորհուրդի ատենապետուհին Նուարդ Պարըն։