ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 15ին կայացած է «Խոսրովի Անտառ» պետական արգելոցին անցեալը, ներկան եւ ապագան» թեմայով համաժողովը, որուն մասնակցած են ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան, միջազգային կառոյցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
«Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակ»ի տնօրէն Կարէն Մանղուրեանի հաստատումով՝ ՀՀ կառավարութեան կողմէ կատարուած են բաւական մեծ ներդրումներ. վերանորոգուած է արգելոցի վարչական շէնքը իր բոլոր բաժիններով՝ ներառեալ արգելոցին թանգարանը: Մօտ կէս միլիոնի արժէքով ներդրումներ կատարուած են նաեւ Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամին կողմէ: