ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ կառոյցի ղեկավարի տեղակալ, հրամանատար Վլադիմիր Ստրելցով Դեկտեմբեր 4ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան նոր պետ, հրամանատար Վիքթոր Վլասովը:
Ս. Սարգսեան գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ հետեւողականօրէն ամրապնդուող ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ կարեւոր համարած այդ ուղղութեամբ ջանքերուն շարունակումը: Նախագահը Հայաստանի պետական սահմանի պահպանութիւնը համարած է երկրի ազգային անվտանգութեան կարեւոր բաղկացուցիչը եւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն առանցքային տարրերէն մէկը:
«Մենք գոհ ենք սահմանապահների գործունէութիւնից, մեր համատեղ աշխատանքից եւ նրանց պրոֆեսիոնալիզմից»,- ընդգծած է երկրի ղեկավարը եւ աւելցուցած, որ սահմանապահներուն հետ աւանդաբար ձեւաւորուած են լաւ յարաբերութիւններ եւ փոխըմբռնում, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ մշտապէս գործնական եւ որակեալ լուծումներ տալ ծագող խնդիրներուն: