Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Երկրորդական ախտապատճառներէն կարելի է յիշել հետեւեալները՝
1. Հեռաւոր վայրէ մը տարածուած չարորակ ուռեր, ի մասնաւորի՝ կրծքագեղձի, շագանակագեղձի, երիկամներու, թոքերու եւ վահանագեղձի ուռերը, որոնք կրնան ըլլալ ոսկրաքանդիչ )osteolytic( եւ կամ անբնականօրէն ոսկրաշէն (osteoblastic)։
2. Որովայնի մեծ շնչերակի լայնացում )abdominal aortic aneurisim(. ասիկա ընդհանրապէս կը պատահի տարեցներուն եւ անոնց որոնք կը տառապին յառաջացած պնդերակութենէ եւ արեան գերճնշումէ։ Ենթական կ՚ունենայ որովայնի եւ կռնակի խորունկ ցաւ, պաղ եւ տժգոյն սրունքներ, ոտքի երակային զարկի տկարացում։
3. Արգանդային նեարդակերպ ուռեր )fibroid(.
4. Կոնքի )pelvic( ներքին ուռեր եւ հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս՝ շագանակագեղձի հիւանդութիւններ.
5. Հոգեբանական հիւանդութիւններ՝ ջղացնցութիւն )hysteria( եւ հիւանդակեղծութիւն )malingering(.
Կռնակի ցաւի ախտաճանաչումը կը կարօտի հետեւեալ մանրակրկիտ բժշկական միջոցառումներուն՝
1. Ապահովել հիւանդէն իր հարցին մանրամասն նկարագրութիւնը.
2. Կատարել բժշկական մարմնական, ֆիզիքական ընդհանուր քննութիւն.
3. Կատարել X-ճառագայթային յատուկ նկարահանումներ՝ պարզ շողանկարահանում, CT scan եւ MRI.
Ընդհանրապէս կռնակի ցաւէ տառապողներուն 90%ը կը բարելաւուի 2-4 շաբաթներու ընթացքին. մնացեալ 10%ն է որ կը կարօտի աչալուրջ եւ երկարատեւ բժշկական խնամքի, ինչպէս նաեւ հիւանդին երկարաշունչ համբերութեան ու հասկացողութեան։
Բժիշկը մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու է հետեւեալ հիւանդներուն, որոնք կռնակի ցաւով իրեն կը դիմեն՝
1. 20 տարեկանէն վար եւ 60 տարեկանէն վեր հիւանդներ.
2. Հարուածի ենթակայ եղողներ, բարձրութենէ վար ինկողներ եւ ինքնաշարժի արկած ունեցողներ.
3. Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ցաւի սաստկացում ունեցողներ.
4. Անցեալին խլիրդէ տառապողներ.
5. Երկարատեւ քորթիզոն գործածողներ.
6. HIV-ի եւ AIDS- պարագաներ.
7. Միզարձակութիւն եւ կղկղանքարձակութիւն ունեցողներ.
8. Ոտքերու տկարութիւն, անզգայութիւն եւ թմրութիւն, ինչպէս նաեւ քալելու անկարողութիւն ունեցողներ.
Վերոյիշեալ բոլոր պարագաները կը նկատուին շտապ օգնութեան պէտք ունեցող պարագաներ եւ անմիջական հիւանդանոցային խնամքի կարօտեալներ։
Կռնակի ցաւի դարմանումը կ՛ըլլայ հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Կատարեալ անկողնային հանգիստ.
2. Միջակ կարծրութեամբ անկողինի գործածութիւն.
3. Ցաւաբեկ դեղերու գործածութիւն.
4. Տեղայնական ջերմութեան գործածութիւն.
5. Թեթեւ պարզ մարզանք հիւանդութեան սկզբնաւորութեան, ապա յատուկ մարզանքներ.
6. Չգիրնալ, իսկ գէր անձերու պարագային՝ նիհարնալ.
7. Դարմանելով կռնակի ցաւին թէ հիմնական եւ թէ երկրորդական ախտապատճառները դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութիւններով։
Կարե՞լի է արգելք հանդիսանալ կռնակի ցաւին. այո՛ կարելի է։
Հիմնական ախտապատճառներով յառաջացած կռնակի ցաւի հաւանականութիւնը կրնանք նուազագոյնի իջեցնել, որոշ պարագաներուն մէջ, ուշադիր ըլլալով հետեւեալ թելադրութիւններուն՝
– Հեռու մնալ անշարժութենէ եւ նստակեաց կեանքէ.
– Շարունակ մարզանքի հետեւիլ.
– Չգիրնալ, իսկ գէր անձերու պարագային՝ նիհարնալ.
– Սխալ շարժումներ չընել, ծանր առարկաներ չշալկել, մանաւանդ ծանր պայուսակ մը երկար ժամանակ ուսէն չկախել.
– Սխալ դիրքորոշումով համակարգիչին դիմաց ժամերով չնստիլ. նստիլ ճիշդ համակարգիչին դիմաց եւ աչքերը պահել պաստառին բարձրութեան.
– Սխալ դիրքորոշումով ֆիզիքական աշխատանք չտանիլ.
– Ուղիղ կեցուածք ունենալ. ուղիղ քալել, նստիլ եւ կանգնիլ.
– Քնանալ միջակ կարծրութեամբ անկողինի վրայ. շատ փափուկ անկողինը կը ձեւափոխէ ողնայարը.
– Երկար տեւողութեամբ փորի վրայ չպառկիլ, որպէսզի ողնայարին ուղիղ դիրքը չխախտի։ Թելադրելի է պառկիլ կողմնակի եւ կամ կռնակին վրայ ու գործածել հանգստաւէտ բարձ մը։
– Բարձր կրուկով կօշիկ չհագնիլ, որպէսզի ողնայարը չծռի.
– Հետեւիլ առողջ սննդականոնի, հարուստ՝ կիրով եւ ֆոսֆորով.
– Գործածել կարեւոր կենսանիւթեր՝ մասնաւորապէս «Տէ» կենսանիւթը (Vitamin D)։
Երկրորդական ախտապատճառներով յառաջացած կռնակի ցաւի հաւանականութիւնը, որոշ պարագաներու մէջ, կարելի է նուազագոյնի իջեցնել՝ հիմնական ախտապատճառը դարմանելով շատ կանուխէն։
(Շար. 2 եւ վերջ)
Մոնթրէալ, Նոյեմբեր 5, 2009