Տարիներէ ի վեր քաղցր աւանդութեան մը վերածուած է՝ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանէն ներս Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մշակութային զանազան ձեռնարկներով, տօնախմբութիւններով վերակենդանացնել Հայ մշակոյթը, ազգային արժանիքները, մեր աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու կենցաղը ամբողջ ամսուան ընթացքին։ Ազգային վարժարանի աւանդներուն հաւատարիմ, մեր վարժարանը ամէն ձեւով կը փորձէ հայ աշակերտին յառաջացած կենցաղին մէջ տեղադրել ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու եւ ինքնութեան հպարտութիւնը։
Այս տարի եւս վարժարանս Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մշակոյթի զանազան բնագաւառները պանծացնող ձեռնարկներու շարքով վերապրեցուց Հայ մշակոյթը ազգային դարբնոցէն ներս։ Իսկ որպէս եզրափակիչ տօնախմբութիւն՝ Փառատօնի մը ընթացքին, Փիլիպոս ընտանիքի ամբողջական համագործակցութեամբ կը տօնենք եւ խնդութեամբ ու հպարտութեամբ կը վերանորոգենք ազգային մեր հաւատարմութեան տարեկան ուխտը։
Աշակերտներն երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, հայկական տարազներ հագուեցան, հայկական համադամ ճաշատեսակներ համտեսեցին, եւ զուարճալի պահեր ապրեցան իրենց ընկերներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ ծնողներու ներկայութեան։
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 30, 2009, Ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 1։00ին վարժարանիս շրջափակին մէջ։ Փառատօնը կազմակերպուած էր վարժարանիս տնօրէն պրն. Նազօ Աբանեանի հովանաւորութեամբ, հայկական բաժանմունքի եւ աշակերտական խորհուրդի միացեալ ջանքերով, ինչպէս նաեւ ծնողաուսուցչական կազմին եւ կամաւոր ծնողներու անսակարկ աշխատանքով։
Աշակերտները առաջին հերթին դասարանային շարքով ուղղուեցան շրջափակ, համտեսելու համար զանազան հայկական կերակրատեսակներ, որոնց մէջ որպէս նորութիւն եւ հետաքրքութիւն՝ մեծ ընդունելութիւն գտաւ հայկական տաք լաւաշը։ Լաւաշը թխուեցաւ բակին մէջ ուսուցիչներու եւ կամաւոր կերպով աշխատող քանի մը ծնողներու ջանքերով։ Հայկական գլխարկներով ու գոգնոցներով եւ անշուշտ թարմ հացի բոյրով, հայկական մթնոլորտը աւելի եւս շեշտուած էր դպրոցի դարպասներէն ներս։ Ամէն մարդ իր ընտանիքին համար կ՛աշխատէր եւ բոլորս այդ աշխատանքին արդիւնքը կը տեսնէինք մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն հայկական աչքերուն մէջ, ու այդպէս հոգեկան բաւարարութիւն կ՛ապրէինք։
Պաշտօնական գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն» խանդավառ երգով։ Աշակերտական խորհուրդի նախագահ՝ Լոռի Թաշճեան հայերէնով իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, եւ «Հայ մշակոյթի» օրուան առթիւ հայ աշակերտին ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց պահպանելու եւ գուրգուրալու համար հայ մշակոյթի գեղեցիկ աւանդներուն վրայ։ Ապա 10րդ դասարանի աշակերտուհիներէն եւ Աշակերտական խորհուրդի անդամներէն Քրիստինէ Սաֆարեան անգլերէնով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։
Անմիջապէս ետք, վարժարանիս ամենէն կրտսեր երախաները՝ մանկապարտէզի, առաջին եւ երկրորդ կարգերու աշակերտները հայկական տարազներու բացառիկ ցուցահանդէս մը ներկայացուցին։ Տարազներու ցուցադրութեան աշխատանքը ամբողջութեամբ պատրաստած էին ուսուցչուհիներ՝ Կասիա Մահսերէճեան, Թալին Տաքէսեան, Սեւան Քէքէճեան, Անահիտ Մելքոնեան եւ Սիլվա Հապէշեան։ Հսկայ աշխատանք տարած էին մեր ուսուցիչները, եւ ծնողները իրենց կարգին մեծապէս նպաստած էին այս աշխատանքին։
Ապա մեր փոքրիկները իրենց տարազներով շարուեցան եւ դասարան առ դասարան իրենց սորված արտասանութիւնները ասմունքեցին։
Փոքրերուն ելոյթէն ետք, հանդէս եկան 3րդ եւ 4րդ կարգի աշակերտները «Սուրբ Մեսրոպ», եւ «Այբ, բեն, գիմ» արտասանութիւններով։ Անկէ ետք, 4րդ կարգէն Մանուշակ Աղազարեան դաշնամուրի վրայ նուագեց հայկական գեղեցիկ կտոր մը։
11րդ կարգէն Անի Մնացականեան իր հաստատակամ ձայնով եւ ինքնավստահ ոճով ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն հայոց լեզուին նուիուած կտոր մը։ Անոր յաջորդեց Հուրի Մինոյեանի եւ Նանօր Պոզոյեանի «Սիգապանծ Լեռներ» երգը, զոր մեկնաբանեցին հայրենասիրական ոգիով ու շունչով։
Հանդէս եկաւ 4րդ կարգէն Նելլի Վարդանէսեան, Յովհաննէս Շիրազէն «Սեւ æուրն ու Սեւանը» ասմունքով, իսկ 6րդ կարգէն Ալեքս Ղարախանեան՝ երգով, եւ Էտուարտ Պէրպէրեան՝ դաշնամուրային կտորով մը։
Վարժարանիս 3-4-5րդ կարգերէն կազմուած երգչախումբը ներկայացուց երեք խմբական երգեր, Ղեկավարութեամբ տիկ. Լուսինէ Գալստեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ տիկ. Արմենուհի Աբրահամեանի։
5րդ կարգէն թմբուկի նուագով հանդէս եկան աշակերտներ Ճիաննի Պաղչէճեան եւ Սարգիս Մինոյեան։ Իսկ դաշնամուրային կտորներով հանդէս եկան Արաքս æուլֆայեան եւ Էշլին Պէրպէրեան։
7րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին խմբային պարեր, իսկ 9րդ կարգէն Ալիս Գալոյեան դաշնամուրային հայկական կտորով մը հանդէս եկաւ։
Գեղարուեստական յայտագիրը իր լրումին հասաւ 5-6րդ կարգերու աշակերտներու պարային հատուածներով, եւ անոնց ներշնչած խանդավառութեամբ փակեցինք մեր փառատօնը։
Իւրաքանչիւր տարուան Հոկտեմբերը յատուկ խանդավառութիւն եւ ջերմութիւն կը բերէ մեր վարժարանին։ Աշակերտները կը սորվին, կը լսեն եւ կը պատրաստեն Հայ Մշակոյթի հարուստ նմոյշները, ու անոնք իրենց հայկական ինքնութեան հիմնական կռուանները կը դառնան, աւելին՝ կը դառնան այն ամուր կաղնին, որուն շնորհիւ պատրաստ կ՛ըլլան դիմագրաւելու ազգային կեանքն ու ինքնութիւնը խաթարող փոթորիկները։
«Թէլ Պանիր»ը Այսպէս Կը Սարքեն
Այս տարի եւս անցեալ տարիների պէս Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը մեծ շուքով ու բազմազան աշխատանքներ կազմակերպելով նշեց ու տօնեց Մշակոյթի ամիսը։ Ամէն տարի իրականացուող ձեռնարկներին, ցուցահանդէսներին ու ելոյթներին այս տարի աւելացաւ նաեւ ինքնատիպ ու տպաւորիչ մի աշխատանք՝ «Թել Պանիր» շինելու աշխատանքը։ Հայկական խոհանոցի այս աւանդական սովորոյթը պահպանելու եւ աշակերտներին ծանօթացնելու համար, վարժարանիս Հայերէնի բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով վարժարանս այցելեցին շրջանիս ՀՕՄի Մայր մասնաճիւղի անդամուհիներ ու նաեւ աշակերտների մեծ մայրիկներ։
Մեր հմուտ վարպետները աշակերտութեան աչքերի առջեւ յատուկ արարողութեամբ նախ հալեցրին պանիրը եւ այն երկար հունցելով ու համեմներ աւելացնելով թել պանիր շինեցին։ Ապա այդ նոյն պանիրով, լոլիկով ու կանաչիներով պատառներ պատրաստեցին ու համտեսեցին մեր հնագոյն եւ ամենա-առողջարար ուտեստներից մէկը՝ հայկական հաց ու պանիրի պատառը։ Հին ասացուածք է թէ անգամ կուշտ ճաշած հայը դեռ կարող է քառասուն հաց ու պանրի պատառ ուտել, եթէ նա առողջ է։ Նոյն ոգով էլ մեր աշակերտները վայելեցին այս հիւրասիրութիւնը, որին նաեւ աւելացաւ ծնողների պատրաստած հատիկը, չամիչն ու ընդեղէնը։
Հայկական խոհանոցը մեր մշակոյթի ամենախոր արմատներն ունեցող մասնիկներից մէկն է, եւ հայ աշակերտին հայկական զանազան ուտեստներ փորձելու հնարաւորութիւն տալը մեր մշակոյթը նրա հոգում սերմանելու միջոցներից մէկն է. փորձառութիւն, որը մնայուն յուշի է վերածւում աշակերտի մանկական հոգում։