ՊԱՂՏԱՏ.- «Ֆրանսփրէս» միջազգային լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իրաքի մէջ անցնող շաբաթավերջին, անծանօթ մարդասպանի կրակոցներու հետեւանքով սպաննուած է հայազգի պատանի մը:
Ըստ «Ֆրանսփրէս»ի լրատու գործակալութեան, միջադէպը տեղի ունեցած է հիւսիսային Մոսուլ քաղաքի քրիստոնեաներով բնակեցուած թաղամասէն ներս:
16ամեայ Ռամի Խաչիկը այդ պահուն, տան շքամուտքին եղած է: Զինուած յանցագործը կրակ բացած է արագ ընթացող ինքնաշարժի մը մէջէն:
Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, միայն անցեալ տարուայ ընթացքին Մոսուլի մէջ շուրջ չորս տասնեակ քրիստոնեաներ բռնութեան զոհ դարձած են:
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները եւս կը փաստեն, որ Իրաքի հիւսիսը ապրող քրիստոնեաները յաճախ կը տուժեն արաբներու եւ քիւրտերու հակամարտութեան պատճառով, որոնք կը փորձեն վերահսկողութիւն հաստատել երկրի վիճայարոյց նահանգներուն մէջ:
Վերջին հինգ տարիներուն, Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու թիւը նուազած է շուրջ մէկ երրորդով: