ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2009ի երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան, ընկերակցութեամբ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ իրաւաբան Արա Ակիշեանին եւ Հիմադրամի գրասենեակի գործավար Սարգիս Քոթանճեանին, այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կլէնտէյլի Կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ այդ մարմնի ներկայացուցիչներու հետ։
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ, այժմ՝ Հայաստանի նախագահի յատուկ առաքելութիւններու գծով պատուիրակ ու դեսպան Արկադի Ղուկասեանի եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներու միջեւ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերը՝ Նոյեմբեր 26ին տեղի ունենալիք Հիմնադրամի թելեթոնը, համայն հայութիւնը յուզող Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներն ու Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններն էին։
Կեդրոնական Կոմիտէն անգամ մը եւս հաստատեց կուսակցութեան տեսակէտները վերոնշեալ հարցերու առնչութեամբ, եւ ականջալուր եղաւ ԼՂՀ նախկին նախագահի անհատական տեսակէտներուն։
Կեդրոնական Կոմիտէն նաեւ ողջունեց «Հայաստաբ» Հիմնադրամի որոշումը՝ այս տարուան թելեթոնին հասոյթը Շուշիի վերականգնման ծրագիրներուն յատկացնելու կապակցութեամբ: