Հրեայ եւ թուրք համայնքներու յարաբերութիւններուն նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին, ԱՄՆ հրէական Anti-Defamation League կազմակերպութեան ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսման յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը հրէա-թրքական բարեկամութեան վրայ որեւէ անդրադարձ պիտի չունենայ, որովհետեւ այդ բարեկամութիւնը հին է ու ամուր:
Խօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, Ֆոքսման դարձեալ նշած է, թէ իր կազմակերպութեան դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը ինչպէս միշտ՝ այդ խնդիրը պէտք է լուծուի Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու կամ Ֆրանսայի խորհրդարաններուն մէջ: