ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Սփիւռքի հայաշատ գաղթօճախներ այցելելէ անմիջապէս ետք, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ «այցելութեանս նպատակը բնաւ Սփիւռքի հաւաքական կարծիքին թուային վերլուծութեան տեսք տալը չէր», սակայն ահա Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հայաստանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին իր կատարած յայտարարութեամբ ճիշդ այդ մէկը կ՛ընէ։
Ըստ անոր, Սփիւռքի միայն քաղաքականացուած փոքր հատուածը դէմ է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ այդ հատուածին դիրքորոշումները չեն համապատասխաներ Հայաստանի հանրապետութեան դիրքորոշումին։
Այսպիսով, վարչապետը անուղղակի կերպով կը յայտնէ, թէ գոյութիւն ունի մեծամասնութիւն մը, որ համամիտ է Հայաստանի իշխանութիւններուն անձնատուական քաղաքականութեան, եւ այդ ենթադրեալ մեծամասնութիւնը ոչ միայն լուռ է, այլ նաեւ՝ ապաքաղաքականացուած. ինչ որ պարզապէս անհեթեթութիւն է։
Եթէ այդ մեծամասնութիւնը լուռ է, վարչապետը ինչպէ՞ս կ՛եզրակացնէ, թէ անիկա Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան համամիտ է, իսկ եթէ ապաքաղաքականացած է, ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի քաղաքական լուրջ հարցի մը շուրջ կարծիք ունենալ։ Եթէ ըսել կ՛ուզէ, թէ անտարբեր մնալը ինքնաբերաբար Հայաստանի իշխանութիւններու ինքնակամ զիջումներուն համամիտ ըլլալ կը նշանակէ, ատիկա ճիշդ է թէ՛ Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան պարագային։
Վարչապետին այն յայտարարութիւնը, թէ «հայկական աշխարհի տարբեր մասեր կարող են տարբեր շահեր ունենալ եւ պէտք չէ դրա համար անհանգստանալ», Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետի մը կողմէ անընդունելի յայտարարութիւն մըն է, որ ջուր կը լեցնէ Թուրքիոյ ջաղացքին եւ որուն ի տես կարելի չէ չանհանգստանալ։
Արդեօք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր փոխհատուցումը Սփիւռքին յատուկ շա՞հ մըն է։ Արդեօք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի համար պետական նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար լոպպիական աշխատանք կատարող կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր իրենց տեղական կարիքներու անտեսումին ի գին հայրենիքին համար բազմաթիւ դրամահաւաքներու մասնակիցները Սփիւռքի՞ շահերը կը հետապնդէին։ Արդեօք Մհեր æուլհաճեանն ու Վիգէն Զաքարեանը Արցախի մէջ լիբանանահայութեա՞ն շահերու հետապնդման համար նահատակուեցան։ Անշուշտ ոչ, անոնք տեղական շահերէ գերիվեր եղող հայութեան համընդհանուր շահերը կը հետապնդէին, այն շահերը, զորս Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք զիրենք լիազօրած են, յանուն համայն հայութեան, զիջելու։
Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը կու գայ հարուած մը եւս հասցնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն արդէն իսկ մեծապէս վնասուած վարկին ու հաւաստիութեան։