Հայ Օգնութեան Միութեան Երկրաշարժի Յատուկ Պատուիրակութեան Շրջապտոյտը Աղէտեալ Հայրենիքէն Ներս
Մօտ ութը տասնամեակներու բացակայութենէ մը ետք, որոնց ընթացքին ՀՅԴ Հայ Կարմիր Խաչը, որ դարձած էր համասփիւռքեան ակնառու ներկայութիւն մը (ճանչցուած իբրեւ Հայ Օգնութեան Միութիւն), մօտ 21 տարի առաջ կը վերադառնար մայր հայրենիք՝ հրաւիրուած նոյն ինքն ա՛յն վարչակարգին կողմէ՝ որ մինչեւ այդ օրը կը շարունակէր պարտադրել աքսորեալի իրավիճակ՝ հայ կիներու այդ ամենամե՛ծ միութեան, եւ ա՛յլ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու։ Շիրակի շրջանը աւերակի վերածող ահաւոր երկրաշարժը եկաւ փակելու պատմութեան այդ տխուր էջը, բանալով նոյն ատեն նո՛ր պատմաշրջան մը, լի նորանոր մարտահրաւէրներով որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն ցնցել ամբողջակա՛ն հայութեան միացեալ կամքն ու կորովը։
Յունուար 25, 1989-ին, ՀՕՄը ներկայացնող եօթնանդամ յատուկ պատուիրակութիւն մը, Շիրակի ահարկու երկրաշարժէն ետք պաշտօնապէս հրաւիրուած Սովետ Միութեան Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, կը մեկնէր Ուաշինկթընի Տալըս օդակայանէն դէպի Ֆրանքֆուրթ, ուրկէ, այլ թռիչքով մը, Յունուար 26ի վաղ առաւօտեան կը հասնէր Մոսկուա։
Օդակայանին մէջ, պատուիրակութիւնը կը դիմաւորէին Սովետ Միութեան Արտաքին յարաբերութիւններու պետական վերակառուցման յանձնախումբէն երկու ներկայացուցիչներ, որոնք յատուկ ինքնաշարժով Քոզմոս պանդոկ կը հասցնէին պատուիրակութիւնը, ուր անոր անդամները կ՛ընդունուէին որպէս հիւրերը՝ Արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքին։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ, ռուս ներկայացուցիչները երկու հեռաձայնային թիւեր կուտային պատուիրակութեան, Մոսկուա կեցութեան ընթացքին յարաբերելու համար տեղւոյն Հայաստանի ներկայացուցչութենէն պարոններ Եդուարդ Ասատուրովիչ Այքազեանի (Հայաստանի Մշտական ներկայացուցիչ) եւ իր փոխանորդ՝ Րէմիր Սարգիսովիչ Պուռնազեանի հետ։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷæ
Հանդիպում Հայաստանի Ներկայացուցչութեան հետ. Ըստ ժամադրութեան, Յունուար 27ի առաւօտեան ժամը 10ին, Պատուիրակութիւնը կը ներկայանար Հայաստանի ներկայացուցչութեան գրասենեակը, որ կը գտնուէր թիւ 2, Արմեանսքի պողոտային վրայ, աշխարհածանօթ նախկին Լազարեան ճեմարանի շքեղ շէնքին մէջ։ Պատուիրակութիւնը ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան կ՛արաժանանար պարոն Այքազեանի եւ Ներկայացուցչութեան պաշտօնէութեան կողմէ, որմէ ետք տեղի կ՛ունենար պաշտօնական հանդիպում՝ որուն կուգար միանալու պարոն Եուրի Մխիթարեան, Երեւանէն յատուկ գործուղուած Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւններու կցորդներուն հետ համադրելու Հայաստանի աւերուած շրջաններու վերակառուցման առնչուող ծրագիրներ։
ՀՕՄի պատուիրակութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ կը ներկայացնէր Հայ Օգնութեան Միութեան ցարդ իրականացուցած անմիջական ծրագիրները, ներկայ Պատուիրակութեան առաքելութիւնը եւ Ներկայացուցչութեան կը յանձնէր ՀՕՄի կողմէ պատրաստուած վերակառուցման համադրեալ ծրագրաւորման առաջարկէն օրինակ մը, որ արդէն ներկայացուած էր Ուաշինկթընի Սովետ դեսպանատան։ Պարոն Այքազեան, իր կարգին, հիմնուած իր տեղեկութիւններուն վրայ, կը նկարագրէր երկրաշարժին արտակարգ տարողութեան եւ անոր հետեւանք աւերածութեան ցնցիչ համայնապատկերը՝ իր այլազան երեսներով։
Պատուիրակութեան խնդրանքին վրայ, պարոն Այքազեան հանդիպում մը կը կարգադրէր Սովետ Միութեան Առողջապահութեան փոխ-նախարար՝ պարոն Մոսկվիչովի հետ, տրուած ըլլալով որ Նախարարը, ինքը, քաղաքէն կը բացակայէր այդ օրերուն։ Պատուիրակութիւնը նաեւ կը խնդրէր Ներկայացուցչութենէն ընել Հայաստան երթալու համար հարկ եղած կարգադրութիւնները եւ տեղեկացնել Սփիւռքի հետ մշակութային կապի գրասենեակի տնօրէն, պարոն Տալլաքեանը՝ Պատուիրակութեան Երեւան շուտափոյթ ժամանման մասին։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ, Պատուիրակութեան անդամները առիթը ունեցան, պարոն Պուռնազեանի առաջնորդութեամբ, մօտէն տեսնելու եւ իրենց հիացմունքը յայտնելու, ի տես Լազարեան շէնքին, տակաւին նորոգութեան մէջ եղող, գեղակերտ սենեակներուն եւ սրահներուն մէջ գտնուող հազուագիւտ հատորներուն, արուեստի առարկաներուն, պատերը ծածկող թանկարժէք գորգերուն եւ նկարներուն։
Մեկնումի պահուն, պարոն Այքազեան տեղեկացուց Պատուիրակութեան անդամներուն, թէ իրենց խնդրանքը այցելելու Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մին, ուր կը խնամուէին բազմաթիւ երկրաշարժէն ծանր վիրաւոր անձեր, մերժուած էր, տրուած ըլլալով որ այդ հիւանդները առանձնացուած էին (quarantined)։ Նոյնատեն, պարոն Այքազեան խորհուրդ կուտար խնդրանքը կրկնելու փոխ-նախարարին հետ այցելութեան ընթացքին։ Օրուայ մնացեալ ժամերուն շրջագայելու համար, Պատուիրակութեան կը տրամադրուէր երկու ինքնաշարժ, իրենց վարորդներով։
Հանդիպում Սովետ Միութեան Առողջապահութեան փոխ-նախարարին հետ.- Յունուար 27ին, կէսօրէ ետք ժամը 2։30ին, ՀՕՄի Պատուիրակութիւնը կ՛այցելէր Սովետ Միութեան Առողջապահական նախարարութիւն։ Հոս եւս, ան կ՛արժանանար ջերմ ընդունելութեան։ Թարգմանի մը միջոցաւ, պարոն Մոսկվիչով նախ կուտար իրավիճակին ընդհանուր պատկերը, երկրաշարժին ստեղծած ընկերային ու առողջապահական հարցերն ու խնդիրները, բացայայտօրէն ընդունելով իշխանութիւններուն անփորձութիւնը եւ տիրող վարչակարգին անընդունակութիւնը։
Պարոն փոխ-նախարարը շնորհակալութիւն կը յայտնէր այն օգնութեան համար որ կը հասնէր օտար պետութիւններէն եւ արտասահմանի հայ գաղութներէն, եւ յոյս կը յայտնէր թէ գործակցութիւնը պիտի շարունակուէր ի նպաստ Հայաստանի վերակառուցման՝ ընդգծելով օգնութեան աշխատաձեւերու արդիականացման կարեւորութիւնը։
Խօսելով երկրաշարժին յաջորդող երկու շաբաթներուն ընթացքին երիկամաքրումի սարքաւորումներու (dyalisis machines) անմիջական անհրաժեշտութեան մասին, Պատուիրակութիւնը կը տեղեկացնէր փոխ-նախարարին այն հակասական տեղեկութիւնները զորս կը ստանար Հայ Օգնութեան Միութիւնը Սովետ կառավարութեան այլազան բաժանմունքներէն, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր նախարարութեան առած քայլերուն՝ լուծելու համար այդ անհասկացողութիւնները, կարելի դարձնելով այդ անհրաժեշտ սարքաւորումներուն անյապաղ ուղարկումը Հայաստան։
Շարունակելով խօսակցութիւնները, Պատուիրակութիւնը կը տեղեկացնէր փոխ-նախարարին, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը պաշտօնապէս իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յատնած էր բոլոր կառավարութիւններուն, պետական հիմնարկներուն եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն աղէտեալ գօտիի անպատսպառ բնակչութեան ցարդ ուղարկած իրենց օգնութեան համար, նոյն ատեն յիշեցնելով ՀՕՄի լայնատարած կառոյցին ընծայած կարելիութիւնները, աշխարհի 17 տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող իր մասնաճիւղերուն հազարաւոր կամաւոր անդամներով, եւ այդ երկիրներուն պատկան իշխանութեանց եւ ոչ-կառավարական մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ իր ունեցած կապերով։
Պատուիրակութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէր ՀՕՄի ամբողջական յանձնառութիւնը երկրաշարժի առնչութեամբ այլազան գաւառներէ ներս ակնկալուած օգնութեան, նշելով որ պատուիրակութեան այս այցելութիւնը կը միտէր հաստատելու հարկ եղած աշխատանքային կապերը պետական գրասենեակներու հետ համադրելու համար մարդասիրական երկարատեւ գործակցութեան մը յարաճուն պարտաւորութիւններն ու աշխատանքները, նոյն ատեն փոխ-նախարարին կը յանձնէր օրինակ մը՝ ՀՕՄի կողմէ պատրաստուած վերակառուցման համադրեալ ծրագրաւորման առաջարկէն։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ, Պարոն Մոսկվիչով կը յանձնարարէր, որ Պատուիրակութիւնը, սերտ կապ պահելով Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, մօտէն ծանօթանար ու հետեւէր ցարդ տեղւոյն վրայ տարուած ու տարուող օգնութեան աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագրաւորումներուն, նոյն ատեն կը խնդրէր ՀՕՄէն, որ հիմնուած իր այցելութեան ընծայած անմիջական տեղեկութիւններուն վրայ, յստակօրէն ներկայացնէր իր ծրագրած օգնութեան մարզերն ու տարողութիւնը։
Ի պատասխան Պատուիրակութեան խնդրանքին՝ այցելելու Մոսկուայի հիւանդանոցներուն մէջ խնամուող երկրաշարժի արկածեալներու, փոխ-նախարարը սիրով կ՛ընդառաջէր այս խնդրանքին՝ այս պարագային վերցնելով հիւանդներուն առանձնացումի որոշումը, արտօնելով այցելութիւնը։
Այցելութիւն Մոսկուայի «Հանրապետութիւն» հիւանդանոց.- Այցելութեան մասին արդէն իսկ տեղեակ էին պահուած հիւանդանոցին անձնակազմը եւ հիւանդները։ Կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ Առողջապահութեան նախարարութենէն Տոկտ. Խաչերեանի եւ օգնական բժիշկի մը, մուտք կը գործէր լայնածաւալ այլեւ վերաշինութեան կարօտ շէնքէն ներս։ Հիւանդանոցին փոխ-տնօրէնը տոքթ. Աշոտ Գրիգորեանն էր, որուն ջանքերով է որ 60ի շուրջ լրջօրէն վիրաւոր արկածեալներ փոխադրուած էին Երեւանէն Մոսկուա՝ ուր այժմ կը խնամուէին որակաւոր մասնագէտներու ցուցմունքներով։ Հակառակ հնամաշ կահաւորման, Պատուիրակները խորապէս տպաւորուած ու զգացուած էին ի տես ռուս անձնակազմին ցուցաբերած բացառիկ գուրգուրանքին ու խնամքին՝ հանդէպ արկածեալներուն, որոնք մեծաւ մասամբ երիտասարդներ եւ մանուկներ էին։
Պանդոկ վերադարձին, Պատուիրակութիւնը կը կապուէր պարոն Այքազեանի գրասենեակին հետ իմանալու համար իր Երեւան թռիչքին մանրամասնութիւնները։ Այքազեանի քարտուղարը՝ Աննա կը տեղեկացներ, թէ Շաբաթ, Յունուար 28ի առաւօտեան ժամը 4։30ին, ինքնաշարժը պիտի գար պանդոկ օդակայան տանելու զիրենք։ Վարորդը իր մօտ պիտի ունենար տոմսակները։
ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷæ
Այցելութիւն Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու գրասենեակ, Երեւան. Յունուար 28ի առաւօտեան ժամը 10ին, Երեւանի օդակայանին մէջ Պատուիրակութիւնը կը դիմաւորուէր Մշակութային Կապի Կոմիտէի ամերիկեան մասնաբաժնի տնօրէն՝ Հրայր Պապայեանի կողմէ. տնօրէնին կ՛ընկերանար Կնոջական հարցերու մասնաբաժնի տնօրէն՝ Մարգրիտ Մկրտիչեան։ Պապայեան զարմանք կը յայտնէր, թէ ինչու՞ Պատգամաւորութիւնը ուղղակի չէր կապ պահած Երեւանի Գրասենեակին հետ առանց Մոսկուայի միջնորդութեան։ Բացատրուեցաւ թէ Պատգամաւորութիւնը Սովետ Միութեան հրաւէրով ու կարգադրութեամբ է որ կը գտնուէր Հայաստան։
Նոյն օրուայ յետ միջօրէի ժամը 2։20ին, Պատգամաւորութիւնը կ՛այցելէր Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու գրասենեակի տնօրէն՝ Կարլէն Տալլաքեանին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կառավարական պատմական շէնքին մէջ։ Տնօրէնը, թէեւ գաղջ՝ այսուհանդերձ դրական մօտեցումով կ՛ընդունէր հիւրերը, պատրաստակամութիւն յայտնելով ամէն ձեւով գործակցելու։ Տեսակցութեան ամբողջ տեւողութեան, ան եւս, հակառակ տրուած բացատրութիւններուն, մէկէ աւելի անգամ իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր ի տես Պատգամաւորութեան Մոսկուայի՛ իշխանութիւններուն ճամբով Հայաստան եկած ըլլալուն։
Բուն խնդրին անցնելով, պարոն Տալլաքեան հանգամանօրէն կը նկարագրէր կացութիւնը, ներառեալ ցարդ, այլազան աղբիւրներէ ներկայացուած վերաշինութեան հետ առնչուող ծրագիրները։ Պարոն տնօրէնը, նոյն ատեն որոշ քննադատական կեցուածք ունէր զանազան երկիրներէ եղած խոստումներու հանդէպ, որոնք ցարդ կը մնային խօսք։ Որբերու խնամատարութեան հարցով, կառավարութեան հանդէպ եղած քննադատութիւնները կը նկատէր անհիմն եւ անտեղի եւ կը վստահեցնէր թէ ծնողազուրկ երեխաները պիտի տեղաւորուէին ընտանեկան յարկերէ ներս, եւ թէ երբե՛ք կարիք չկար որբանոցներու կամ որբերու յատուկ ծրագիրներու։
Ներկայացնելէ ետք իր առաքելութեան նպատակը, Պատուիրակութիւնը կը խնդրէր Տալլաքեանէն, որ առիթը տրուէր խորհրդակցելու նախարարութիւններու հետ որոնք կ՛առնչուէին Հայ Օգնութեան Միութեան մշակած ընդհանուր ծրագրի այլազան մարզերուն հետ՝ առողջապահական, դաստիարակչական, եւն.։ Տնօրէնը կը վստահեցներ թէ այդ բոլորը պիտի կարգադրուէր Գրասենեակին անձնակազմին կողմէ։ Պատուիրակութիւնը նոյնպէս հարց կու տար Տալլաքեանին, երկրաշարժէն առաջ կատարուած ՀՕՄի 50,000 տոլարի յատկացման մասին՝ Ատրպէյճանէն արտաքսուած հայերու օգնութեան ֆոնտին։ Հոս եւս, պարոն տնօրէնը կը նշէր, թէ եթէ այս նուիրատուութիւնը եղած ըլլար ի՛ր գրասենեակին ճամբով՝ այսօր ինք պիտի կարենար պատասխան մը ունենալ այդ հարցին. այսուհանդերձ, կը խոստանար հետաքրքրուիլ եւ արդիւնքը փոխանցել ՀՕՄին, յայտնելով նաեւ, թէ ներկայ արտակարգ կացութեան մէջ անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել Պատուիրակութեան փափաքած հանդիպումները նոր նշանակուած նախարարապետ՝ Մարգարեանի հետ։
Տալլաքեանի հետ հանդիպումը կը վերջանար դրական մթնոլորտի մէջ, իր Գրասենեակին հետ շինիչ համագործակցութեան հաւաստիքով։ Երեւան կեցութեան ընթացքին Պատուիրակութեան հետ ուղեցոյց կապը պիտի ըլլար պարոն Պապայեանը։
Հանդիպում Սփիւռքի գրասենեակի Երիտասարդական հարցերու վարիչին հետ.- Պատմական այդ շէնքէն դուրս գալէ առաջ, Պատուիրակութիւնը հակիրճ հանդիպում մը կ՛ունենար Երիտասարդական հարցերու վարիչ՝ Մարտիրոսեանի հետ որուն կ՛առաջարկէր ամառուայ ամիսներուն սփիւռքահայ երիտասարդներու խումբ մը ուղարկել աղէտի շրջան՝ մասնակցելու վերաշինութեան աշխատանքներուն։
Մարտիրոսեան ժխտական պատասխան մը կու տար այս առաջարկին, առարկելով թէ այդպիսի ծրագիր մը կրնար միայն ցուցական արժէք ունենալ եւ ո՛չ մէկ օգուտ կրնար բերել վերաշինութեան հսկայական ճիգերուն։ Ակներեւօրէն անհամբեր տեսակցութեան վերջ տալու, իր դժկամ համաձայնութիւնը կը յայտնէր ՀՕՄի կողմէ հովանաւորուած 30 պատանիներու խումբ մը ընդունելու 1989 Յուլիսին՝ պայմանաւ որ, առա՛նց ուշացումի, նախապէս անուններու ցանկ մը եւ այլ մանրամասնութիւններ պաշտօնապէս ներկայացուէին իր գրասենեակին, եւ ՀՕՄը ստանձներ խումբին երթուդարձի ծախսերը։
Յաջորդ օրը, Յունուար 29ին, Պատուիրադութիւնը, Պապայեանի ընկերակցութեամբ, կը շրջէր երկրաշարժէն աղէտեալ ընդարձակ գօտին, սկսելով Լենինականէն մինչեւ Նալպանդ, æաջուր, Սպիտակ, եւ Շիրակի անհամար աւերուած աւաններէն ու գիւղերէն մի քանին։
Հանդիպում Առողջապահութեան նախարարին հետ.- Յունուար 30ին, Պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը կ՛ունենար Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար՝ տոքթ. Էմիլ Սամսոնի Գաբրիէլեանի հետ, նախարարին գրասենեակին մէջ, ուր Պատուիրակութիւնը կը ստանար աղէտէն ետք տիրող իրավիճակին հետ առնչուող ամենավերջին տեղեկութիւնները՝ ներկայացուած արհեստավարժօրէն պատրաստուած այլազան վիճակագրութիւններու տպաւորիչ տախտակներով։
Անդրադառնալով արտասահմանէն հասնող օգնութեան, տոքթ. Գաբրիէլեան կը նշէր մէկէ աւելի բժշկական խումբեր, որոնք եկած էին Հայաստան երկրաշարժին յաջորդող շաբաթներուն, որոնցմէ էր Ֆրանսայի «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը՝ որ կը շարունակէր իր մարդասիրական ծառայութիւնը շարք մը գիւղերէ ներս. ասոնց կողքին, ան կը յիշէր Project Hopeի ծրագիրը՝ ծանր վիրաւոր եւ անդամահատ մանուկներ ու պատանիներ Միացեալ Նահանգներու հիւանդանոցները փոխադրելու՝ բուժուելու համար մասնագէտներու խնամքին տակ։
Պատուիրակութիւնը, իր կարգին, կը ներկայացնէր ցարդ ՀՕՄի կողմէ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք առողջապահական խնդիրներու հետ առնչուող հարցերու կապակցութեամբ կատարուած աշխատանքներու ցանկը՝ որ կ՛ընդգրկէր բժշկական սարքաւորումներու եւ դեղօրայքի առաքում հիւանդանոցներուն, երկու բժշկական մասնագէտներէ բաղկացած խումբերու աշխատանքային այցելութիւնը աղէտի գօտի եւ այլ ներդրումներ՝ վերակառուցման հետ առնչուող այլազան աշխատանքներուն կողքին։ Նախարարութիւնը գիտակից էր այս բոլորին եւ գալիք օրերուն համար կ՛առաջադրէր կեդրոնանալ polyclinicներու, հիւանդանոցներուն մէջ մանկաբուժական մասնաբաժիններու, բժիշկներու վերա-որակաւորման եւ արդիական սարքաւորումներու եւ աշխատելաձեւերու ներմուծման վրայ։
Ընդհանուր առմամբ, անմիջական արդիւնքներու հասնելու անդոհանքով խօսակցութիւնները կ՛ընթանային սրտբաց եւ ընկերային մթնոլորտի մէջ։
Հանդիպում Լուսաւորութեան նախարարին հետ.- Լուսաւորութեան փոխ-նախարար՝ պարոն Պապայեանի հետ հանդիպման սկիզբը, Պատուիրակութիւնը կը լսէր պարոն փոխ-նախարարին նկարագրականը երկրաշարժին ազդեցութեան մասին երկրին դաստիարակչական համակարգին վրայ. Ուսումնական 917 հաստատութիւններ քանդուած էին. 6,000 ուսուցիչներ եւ ուսանողներ մահացած. 210,000 աշակերտներ վիրաւորուած։ Համակարգին կրած վնասները կը հասնէին 600 միլիոն տոլարի։ Որպէս անմիջական միջոցառումներ, նախարարութիւնը մինչեւ Փետրուար 1, ստեղծուած խոչընդոտներու սահմաններուն ներած չափով վերականգնած էր համակարգի ընդհատուած գործունէութիւնը. որոշում կայացուցած էր, մինչեւ Սեպտեմբեր 1989 վերանորոգելու վնասուած սակայն ո՛չ փուլ եկած դպրոցական շէնքերը, եւ այդ թուականէն մինչեւ 1990, նոր դպրոցներու կառուցումը։
Պապայեան, ուրախութեամբ կ՛ընդառաջէր Պատգամաւորութեան պատրաստակամութեան՝ օգնելու դպրոցներու վերաշինութեան աշխատանքներուն, առաջարկելով միաժամանակ, որ նախադրեալ, յստակ ծրագիրներով ներկայանայ ՀՕՄը։ Փոխ նախարարը խանդավառ էր գիւղերուն մէջ մանկապարտէզներ կառուցելու գաղափարով, առաջարկելով որ ՀՕՄը ստանձնէ անոնց ամբողջական նախագիծերը պատրաստելու աշխատանքը, կառոյցներէն մինչեւ ներքին սարքաւորման մանրամասնութունները, առանց ստանձնելու շինարարութեան ծախսերը՝ որոնց գումարները պետական եւ տեղական այլազան աղբիւրներէ կարելի էր ապահովել։
Պապայեան նոյն ատեն կը ցանկար տեսնել ընդհանուր դաստիարակչական համակարգի վերակառուցումը հիմնուած արդիական սկզբունքներու եւ մեթոտներու վրայ։ Կ՛ուզէր տեսնել մարմնամարզական ու վերակազդուրման յատուկ համալիրներու իրականացումը հանրապետութեան տարածքին։ Փոխ-նախարարը կը նշէր նաեւ տպագրական եւ յարակից սարքուածքներու ներկայ պակասը՝ օգնութիւն ակնկալելով այդ մարզէն ներս եւս։
Հրաժեշտ առնելէ առաջ նախարարութենէն, մանկապարտէզներու հարցով, կ՛որոշուէր գործի անցնիլ անմիջապէս որ ՀՕՄի կողմէ հարկ եղած նախապատրաստական ծրագրաւորումները՝ քանակի, վայրի եւ այլ մանրամասնութիւններու առնչութեամբ պատրաստ ըլլային։
Այցելութիւն Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին.- Յունուար 30ի յետ միջօրէի ժամը 3։30ին կայացած այս այցելութեան ընթացքին, Պատուիրակութիւնը, ի բացակայութեան Սուրէն Յարութիւնեանի եւ Վլատիմիր Մարգարեանի, տեսակցութիւն մը կ՛ունենար Խոճամիրեանի հետ, որ կառավարութեան անունով կը մանրամասնէր օրուայ կարիքներուն առաջնահերթութիւնները, նշելով, թէ հագուստեղէնի, ուտելիքի եւ այլ առօրեայ առարկաներու կարիքը այլեւս անմիջական կարեւորութիւն չէին ներկայացնէր։ Ըստ Խոճամիրեանին, Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի շուտ հետաքրքրուած էին աշխատանքային նորագոյն սիստէմներու հետ առնչուող արդիական սարքաւորումներով։ Բոլորին նման, ինք եւս երախտապարտ էր արտասահմանէն հասնող օգնութեան համար, թէեւ, այդ րոպէին, տիրող պայմաններուն տակ, կարելիութիւնը չունէր ճշգրտօրէն ըսելու թէ ո՞ր օտար պետութիւններէն կամ հայ գաղութներէն ի՞նչ տեսակի եւ տարողութեամբ օգնութիւն էր որ կը հասնէր Հայաստան։
Պատուիրակութիւնը, հանգամանօրէն կը ներկայացնէր երկրաշարժէն ի վեր Հայ Օգնութեան Միութեան այլազան երկիրներու մէջ գտնուող մասնաճիւղերուն տարած աշխատանքներով իրականացած օգնութեան քանակն ու տարողութիւնը։ Պարոն Խոճամիրեան տեղեակ կը թուէր ըլլալ այդ իրողութեան գէթ որոշ մասէ. կը յիշէր Արժանթինէն պահածոյ միսի առաքումը եւ Ուաշինկթընի Սովետ դեսպանատան խնդրանքով ՀՕՄի կողմէ ուղարկուած փրկութեան յատուկ սարքերն ու կազմածները՝ որուն համար կը յայտնէր պետութեան գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը։
Հոս եւս, Պատուիրակութիւնը հարց կուտար Ատրպէյճանէն արտաքսուած հայ գաղթականներուն համար, երկրաշարժէն առաջ ՀՕՄի ուղարկած 50,000 տոլարի մասին։ Խոճամիրեան կը հաստատէր, թէ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունէր այդ մասին. այսուհանդերձ կը խոստանար Տալլաքեանի գրասենեակին միջոցաւ հարկ եղած հետազօտումը կատարել եւ տեղեակ պահել ՀՕՄը արդիւնքի մասին։
Ընդհանուր առմամբ, տեսակցութեան ամբողջ ընթացքին, Խոճամիրեան ցոյց կուտար ջերմ գործակցական ոգի եւ երախտագիտական զգացում՝ հանդէպ Հայ Օգնութեան Միութեան հայրենանուէր գործունէութեան։
Նոյն երեկոյեան ժամը 7։30ին, Արմենիա պանդոկին սրահներէն մէկուն մէջ, ի ներկայութեան պետական այրերու եւ Երեւանի հանրածանօթ անձնաւորութիւններու, տեղի կ՛ունենար ՀՕՄի պատուիրակութեան ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթ մը՝ որուն կը նախագահէր ծանօթ բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան։
Յաջորդ առաւօտ, ժամը 11ին, Պատուիրակութիւնը կ՛այցելէր Երեխաներու թիւ 1 հիւանդանոցը, ուր կ՛ընդունուէր ընդհանուր տնօրէնին եւ բշկական կազմին կողմէ, որոնք կը ներկայացնէին հիւանդանոցին այլազան մեքենական եւ այլ կարիքները՝ որոնց շուտափոյթ առաքումը պիտի փրկէր բազմաթիւ մատղաշ կեանքեր։
Այցելութիւն Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու գրասենեակի Կնոջական հարցերու բաժնին.- Յունուար 31ին, յետ միջօրէի ժամը 5։30ին, Պատուիրակութեան խնդրանքով, Արամ Խաչատուրեանի անուան թանգարանին մէջ կը կայանար հանդիպում մը Կնոջական հարցերու բաժնի անձնակազմին հետ, ուր ներկայ էին Բաժնի պատասխանատու անդամներէն, Մարօ Մարգարեան՝ նախագահ. Նինել Ոսկանեան՝ դասախօս եւ տնօրէն Աբովեան մանկավարժական հիմնարկի. Էմմա Ալէքսանդրեան՝ հոգեբան նոյն հիմնարկի. Վերա Յակոբեան՝ ձայնասփիւռի խօսնակ. Վերոնիքա Գէորգեան՝ տնօրէն «Սեբաստիա» մանկապարտէզի. Անահիտ Պարսամեան՝ բանաստեղծուհի, եւ այլ որակաւոր անձինք։
Այս խումբը, կազմուած մէկ տարի առաջ Երեւանի մէջ կայացած Հայ կիներու անդրանիկ խորհրդաժողովի լրումին, կարգաւորուած մարմին մը ըլլալէ աւելի ականաւոր կիներու խմբաւորում մըն էր, որուն միտք բանին սփիւռքահայ կիներու հետ մերձեցման ու գործակցութեան իրականացումն էր՝ ի շահ համահայկական նպատակներու եւ ծրագիրներու գործադրման։ Ըստ երեւոյթին, երկրաշարժը աշխուժացուցած էր ու ձեւաւորած անոնց ամէ՛ն ձեւով աղէտեալներուն օգտակար դառնալու փափաքը։
Այս ուղղութեամբ առաջնահերթ կը նկատուէր Նինել Ոսկանեանի «Մայրութեան ֆոնտ» անունով հիմնադրամ մը ստեղծելու առաջարկը՝ յօգուտ ամէն մի գիւղական ընտանիքի որուն յարկին տակ նորածին մը աշխարհ կուգար։ Այս հիմնադրամը պիտի հովանաւորուէր հանրութեան եւ Հայաստանի Սովետ Երեխաներու ֆոնտին կողմէ։ Հանդիպման ամբողջ տեւողութեան, Պատուիրակութեան անդամներուն տպաւորութիւնը այն էր, թէ այս ժողովին մակարդակը համահաւասար էր ՀՕՄի որեւէ մասնաճիւղի մը ընկերական ժողովին։ Հակառակ մտաւորական ու ակադեմական բարձր մակարդակին, նոյնանմա՛ն մտահոգութիւններ է որ կը զբաղեցնէին ժողովականներուն միտքերը, որոնք նո՛յն նուիրումով ու կարգէ դուրս անհամբերութեամբ կը ջանային լուծումներ գտնել ժողովուրդին դիմագրաւած անհամար դժուարութիւններուն։
Պատգամաւորութեան առիթը տրուեցաւ ներկայացնելու Հայ Օգնութեան Միութեան կազմակերպչական կառոյցը, անոր կանոնագրային աշխատելաձեւը եւ ծրագրեալ գործունէութիւնը ուսումնական, առողջապահական, ընկերային օգնութեան ու մշակութային մարզերէն ներս։ Փափաք յայտնելէ ետք տեսնելու յառաջիկայ սերտ գործակցութեան մը իրականացման կարելիութիւնը, Պատուիրակութիւնը, նշելով տարի մը առաջ տեղի ունեցած Կնոջական հարցերու քննարկման առաջին գիտաժողովը, իր դժգոհութիւնը յայտնեց, որ ՀՕՄը, աշխարհացրիւ հայութեան ամենամեծ կնոջական կազմակերպութիւնը, հրաւէր չէր ստացած մասնակցելու այդ բացառիկ ժողովին։
Ապագայի լաւագոյն հաւաստիացումներէ ետք, Պատուիրակութիւնը հրաժեշտ կ՛առնէր աշխատունակ խոստումներով հարուստ այդ խումբէն։
Փետրուար 1, 1989ին, կէսօրուայ ժամը 12ը 30 անց, Պատուիրակութեան անդամները, մութ մտապատկերներով ծանրաբեռ, հրաժեշտ կ՛առնէին կիսաւեր հայրենիքէն ու կը մտնէին ինքնաթիռ՝ տուն վերադառնալու Մոսկուայի եւ Լոնտոնի ճամբով։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆՑ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ