ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմած էին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, անցեալ Շաբաթ օր այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր։
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ լաւատեսութեան մթնոլորտը տակաւին տիրական է՝ աւելցնելով, որ զօր. Միշել Աունի եւ լիազօրուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ խորհրդակցութիւնները կանգ չեն առած։ Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են՝ շեշտելով, որ երկու-երեք օրէն կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել։
Յ. Բագրատունի շեշտած է, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն, ուր քաղաքական բոլոր ուժերը, գլխաւորաբար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը ճշգրիտ կերպով պիտի ներկայացուին։
Յ. Բագրատունի նշած է, որ վարչապետ Հարիրիի եւ զօր. Աունի միջեւ որեւէ հանդիպում դրական պիտի ըլլայ եւ պիտի նպաստէ կառավարութեան կազմութեան գործընթացին յաջողութեան։
Ակնարկելով այն դիտարկումին, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր կեցուածքներով միշտ ալ իւրայատուկ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումէն, Յ. Բագրատունի ըսած է. «Մենք 2005էն ի վեր զօր. Աունի դաշնակիցներն ենք, սակայն մեր իւրայատկութեամբ հանդերձ ամբողջովին հակառակ տեսակէտներ չենք արտայայտած։ Մեր իւրայատկութեան առումով մենք ամբողջական համաձայնութիւն գոյացուցած ենք զօր. Աունի հետ եւ ան կը յարգէ մեր կեցուածքները։ Աւելի՛ն. մենք մեր շահերուն համար չէ, որ իւրայատկութիւն ունինք, այլ՝ երկրին շահերուն համար։ Մենք իբրեւ համախմբումի անդամներ մաս կը կազմենք համախմբումին որդեգրած տարազներուն եւ իբրեւ այդպիսին մաս կը կազմենք ամբողջ ընդդիմութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.