ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Թէեւ բոլորովին անսպասելի չէր, սակայն սրտերնիս սեղմած կ՛աղօթէինք, որ վատթարագոյնը չպատահեր։ Ատոր հետ մէկտեղ տրուող գոյժը ուժգին հարուածեց բոլոր անոնց, որոնք մօտէն կը ճանչնային, ջան ֆետայիի իսկական մարմնացումը հանդիսացող ազնուական հոգիով հաւատաւոր այս աղջիկը։
Շաբաթ յետմիջօրէին մտերիմ բարեկամէ մը հեռաձայն ստացայ եւ անիկա իր բամբ ձայնով, ծով յուզումը ինձմէ ծածկել փորձելով հարց տուաւ եթէ այդ օրուան Ասպարէզը կարդացեր էի…
Չէի հասցուցած կարդալ, որովհետեւ նոյն թերթի իմ սիւնակիս համար փորձագրութեան մը վրայ կ՛աշխատէի։
«Կեանքը ձերիններուն, աւելցուց բարեկամս, Սարդարապատի Ռիթան մահացեր է»։
Շշմեցայ։
Հեռաձայնի փողը վար դնելով, անմիջապէս Ասպարէզի հայերէն բաժինը բացի։ Այո՛, ինքն էր գերազնիւ, հրեշտակային, զինաթափող իր ժպիտով ու պարմանուհիի բարի աչքերով։ Գլխու պտոյտ ունեցայ ու աչքերս մշուշոտեցան, դժուարութեան մատնուեցայ մահազդին ընկերակցող հեռաձայնի թիւը կարդալու։
Ենթադրելով, որ Սարդարապատի Հուրիկն էր հեռաձայնի միւս կողմը, միայն առաջին անունովս ներկայացայ։
«Ո՞ր Պօղոսը, հարց տուաւ ձայնը։
«Գուբելեանը, պատասխանեցի եւ անզուսպ փղձկեցայ, կարծես հարազատ քրոջս մահուան գոյժը ստացած ըլլայի։
Արդարեւ, Քալիֆորնիահայ գաղութը մշակութային բնագաւառէն ներս գործող իր ամէնէն վաւերական ու գործունեայ ուժերէն մէկը կորսնցուց։ Գրեթէ հազար անգամ գլուխէն կերած հայ արուեստագէտին ու գրողին համար, Ռիթային յարատեւ ջանքերով յարաճուն զարգացում ու վերելք ապրող Սարդարապատ գրատունը լոկ գիրքերու մթերանոց չէր, այլ հայկական ջերմ միջավայր ու երդի՛կ, ակու՛մբ, սրբատեղի՛, հայ դպրութեան կաճառ, իսկ շատերուս համար անոր տնօրէնուհին ու ոգին հանդիսացող Ռիթա Տէմիրճեանը, մեր ցաւերուն ու հոգեկան տագնապումներուն ականջ դնող գորովալից խոստովանամայր, մտերիմ ընկեր ու ցաւակից։ Մէկը որ կրնար դիմացինին բարդ ներաշխարհը թափանցելով զգալ անոր տագնապումները։
Ողբացեալ ընկերուհին այնպիսի խոր զգայնութեամբ օժտուած անհատականութիւն մըն էր, որ յաճախ իր ցաւ՛ը, զինք հիւծող հիւանդութիւնը մոռնալով մտիկ կ՛ընէր ուրիշներուն ցաւին եւ երբեմն ալ ոմանց չափազանցուած ու մտացածին գանգատներուն։ Ինքը եւ իրեն համախոհ ընկերուհիները կարելիութեան սահմանին մէջ կը հասնէին հայ արուեստագէտին կարիքներուն, շատ անգամ անոնց ապրած տուայտանքն ու անյուսութեան խորխորատը կիսելով աւելի քան մեր խորաններէն ու ակումբներու ամպիոններէն բարբառող ի պաշտօնէ ղեկավարները, հայ ստեղծագործ մտքին տուայտանքներուն ու տագնապներուն անհաղորդ մեր կարգ մը լիտրները։ Անգլերէն բառ մը կայ «Սապսդէնս», Ռիթան եւ իր ընկերուհիները հարցերուն էութեա՛ն կը թափանցէին։
Հետեւեալ դէպքերը նպաստեցին, որ Սարդարապատի Ռիթային ներաշխարհը աւելի մօտէն ճանչնայի ու թափանցէի անոր էութեան։
Անոր մահացու հիւանդութեամբ վարակուած ըլլալու բացայայտումէն առաջ Ռիթային խնդրանքով, օր մը մանկապատանեկան պատմուածքներէս փունջ մը կազմելով Սարդարապատ գրատունը ուղղուեցայ։
– Հեղինակի իրաւունքէս կը հրաժարիմ, ըսի, թող կրթական կամ մշակութային միութիւն մը, կամ ալ Սարդարապատ գրատունը հրատարակէ այս գործը, զոր հայ նորահաս սերունդին նուիրած եմ… Իմ կատարածս կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն զարկերակը քննել էր։ Գիշեր ցերեկ «մանկապատանեկան գրականութիւն չունինք» ըսելով գանգատողները յանկարծ լռեցին, պապանձումն Զաքարիայի։
Այս պահուս, Ռիթան երկինքէն զիս կը խրախուսէ, որ բացայայտեմ, նժդրակեմ կոտտացող վէրքը, գրգունակութիւնը, դասականները կապկելով ու գլոնինկով (կրկնռրինակելով-խմբ.) գրական մեր կեանքը լճացնողներու երեսին տամ իրականութիւնը։ Քառասունէ աւելի մանկապատանեկան պատմուածքներէս ցարդ մէկ հատը միայն դասագրքերու մէջ մտաւ, շնորհիւ բազմակողմանի մտաւորական, հրապարակագիր ու դաստիարակ Հրանդ Աճէմեանին տղամարդու վայել կեցուածքին։
Ռիթային բնորոշումով, վաւերական գրողներու դէմ բարձրացող պատուարը, գրգունակներու ու միջակութիւններու կողմէն տարուող անհաշտ պայքարի արդիւնք էր։ Նոր խօսքի, ոճի ու թեմայի դէմ անոնց սնուցած արգահատանքը, մեզ դէպի միջնադարեան խաւարամտութիւն առաջնորդող անոնց հաւատաքննական ոգին։ Ատոր համար ալ նոր սերունդը, թքած, փարսախներով հեռացած է հայ գրքէն ու գրականութենէն։
Այսօր, տխուր այս առիթով կը յայտարարեմ, որ հակառակ հաւատաքննիչներու սադրանքներուն, անպայման լոյս պիտի տեսնէ մանկապատանեկան պատմուածքներուս հատորը, որը Սարդարապատի Ռիթային, հայ գրականութեան Մատըր Թերեզային յիշատակին պիտի նուիրուի։
Դրական նօթով կ՛ուզեմ փակել խօսքս։
Երբ, անդրանիկ որդիս Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Վարդանանց զոյգ ֆիլմերու նախապատրաստական աշխատանքին լծուեցաւ հայ գաղութին խոստումնալից նոր տաղանդները հաւաքելով իր շուրջ, անիկա ծախսերու իր կարկինը այնքան լայն բացաւ, որ տնտեսական սեղմումներու ենթարկեց ինքզինք եւ իր ստանձնած առաքելութեան հաւատացող շրջապատը։ Օր մը Սարդարապատ հերթական այցելութիւններուս Ռիթան զիս իր նեղլիկ գրասենեակը կանչեց լաւ լուր մը հաղորդելու։ Համազգայինի իր գլխաւորած միաւորը երեկոյ մը պիտի հովանավորէր, որպէսզի փոքր ինչ թեթեւցնէր երիտասարդ արուեստագէտին վտիտ ուսերուն ծանրացող բեռը։ Գործի լծուեցաւ այդ խմբակը եւ ժամանակին Ասպարէզի էջերուն մէջ նկարագրեցի երեկոյին յաջողութիւնը, եթէ ոչ անպայման տնտեսական առումով, բայց գոնէ բարոյական գետնի վրայ ստեղծած իր աննախադէպ, Օսքարի երեկոները յիշեցնող խանդավառութեամբ։
Ցաւակցութիւններս ընտանիքի անդամներուն։
Հայերէն ասացուածք մը կայ։ Ծառը իր պտուղով կը դատուի։ Ուրախ եմ նշելու, թէ Ռիթայի եւ Արփիարի զաւակները Բալիկն ու Լեւոն Շանթը իրենց ծնողներու հետքերով կը քալեն։
Վարձքդ կատար եւ հողը թեթեւ գայ վրադ սրբուհ՛ի Ռիթա։
Սիրելի քո՛յր…