ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին քանի մը օրերուն սկսած է գանգատիլ Թուրքիոյ վաճառուած բնական կազի ցած գինէն եւ կը քննէ զայն բարձրացնելու կարելիութիւնը: Անոր համաձայն, Թուրքիոյ վաճառուած բնական կազի գինը համաշխարհային շուկայի գինին մէկ երրորդն է, եւ «ասիկա տրամաբանական չէ»։ Բնական կազի գիները բարձրացնելու այս ազդանշանը անշուշտ հակադարձութիւն մըն է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութեանց դէմ։ Ատրպէյճան նաեւ զայրացած է որ Պուրսայի մրցումի ընթացքին արգիլուեցաւ Ատրպէյճանական դրօշակի մուտքը։
Ալիեւ որոշ լուսաբանութիւններ ըրաւ վերջին ինն ամիսներու զարգացումներուն մասին, անդրադարձաւ նաեւ Ղարաբաղի հարցին եւ ըսաւ որ այս հարցին լուծման համար յառաջ տարուած բանակցութիւններրը ցարդ որեւէ արդիւնք չեն տուած, որովհետեւ «Հայաստան շինիչ կեցուածք չունի այս խնդրին մէջ»։ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական ուժերը պէտք է հեռանան ատրպէյճանական հողամասերէն, գաղթականները պէտք է վերադառնան եւ հարցը պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքով։ Ան կրկնեց, թէ Ատրպէյճան պատրաստ է ինքնավարութեան կարգավիճակ տալու Ղարաբաղին, բայց «անկախութեան հարցը բանակցութեանց նիւթ պիտի չըլլայ, նոյնիսկ 100 տարի ետք»:
Վերադառնալով կազի հարցին, Ալիեւ յայտնեց, թէ Պաքու անընդունելի կը համարէ ատրպէյճանական կազը Եւրոպա հասցնելու թրքական պայմանները, որու հետեւանքով Ատրպէյճան դէպի Եւրոպա տանող այլ ուղիներ կը փնտռէ։
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է, թէ Ատրպէյճան պատրաստ է Ռուսիոյ եւ Իրանի կազ վաճառելու, Թուրքիոյ հետ տարակարծութեանց պատճառով:
Ալիեւ յայտարարած է, թէ մինչեւ որ ղարաբաղեան տագնապը չլուծուի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը Ատրպէյճանի շահերուն դէմ առնուած քայլ մը պիտի նկատէ:
«Ատրպէյճանի աճող միջազգային դերակատարութիւնը թոյլ չի տար Հայաստանին դուրս գալու իր մեկուսացումէն։ Առանց Ատրպէյճանի մասնակցութեան որեւէ շրջանային նախագիծ չի կրնար իրականացուիլ», յայտարարած է Ալիեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.