ՎԻԵՆՆԱ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի առընթեր Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Անուար Ազիմով, Հոկտեմբեր 15ի ԵԱՀԿի մշտական խորհուրդին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու երկկողմանի կապերու զարգացման մասին Հոկտեմբեր 10ին Ցիւրիխի մէջ արձանագրութիւններուն ստորագրումը, «առաջին քայլ» մըն է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհին։
«Երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններուն առողջացումը առարկայականօրէն պիտի նպաստէ առեւտրական շփումներու աշխուժացման եւ երկու պետութիւններուն մէջ հասարակական-տնտեսական իրադրութեան բարելաւման, նաեւ ամբողջ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման», նշած է ան եւ աւելցուցած, թէ կողմերը պէտք է շատ արագ վաւերացնեն այդ փաստաթուղթերը եւ ձեռնամուխ ըլլան անոնց իրագործման:
Ազիմով ընդգծած է, թէ «Արձանագրութիւններով նախատեսուած քայլերէն ոչ մէկը կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ երրորդ կողմի վնասող»:
«Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան նախագիծերու հետագայ իրացման», նշած է ԵԱՀԿի առընթեր Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչը: