ՊՈԼԻՍ.- «Սապահ»ի յօդուածագիր Նազլը Իլըճաք, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչո՞ւ թուրք նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու կը ժպտէր, մինչ անոր հայաստանցի պաշտօնակիցին դէմքը խոժոր էր: Ան կը յայտնէ, որ Տաւութօղլու կը ժպտէր, որովհետեւ հասած էր իր նպատակին, որն էր դրացիներու հետ Թուրքիոյ հարցերը նուազագոյնի իջեցնել: «Թուրքիա Յունաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ ներկայիս Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելով՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեր ճամբան փակող բոլոր արգելքները ջնջեց», կը գրէ ան։
Իսկ «Զաման»ի յօդուածագիր Մեհմէտ Եըլմազ կը նշէ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա, սոյն համաձայնութիւնը ստորագրելով՝ սկսան ընթանալ ճամբէ մը, որ ետդարձ չունի։ Ան կ՛աւելցնէ. «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները յանձնառու դարձան հրաժարելու «թշնամանքի վրայ հիմնուած քաղաքական հասկացողութենէ մը»։ Անոնք նշեցին, որ իրենք ցաւալի հին պատմութիւնները քաղաքական զէնքի պիտի չվերածեն եւ այդ մէկը կատարել ուզողներուն պիտի չթոյլատրեն այդպէս վարուիլ»:
«Միլլիյէթ»ի յօդուածագիր Սէմիհ Իտիզ կը յայտնէ, որ թէեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան ուղղութեամբ առաջին քայլը դժուարութեամբ առնուած է, սակայն բոլորը ընդունած են այն իրողութիւնը, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ սկսած է նոր եւ նշանակալից հանգրուան մը, զոր նաեւ մեծապէս կը հետաքրքրէ աշխարհը։ Ան կ՛ընդունի, որ վերջին պահուն ծագած տագնապը ցոյց կու տայ, թէ երկու երկիրներու կառավարութիւնները այսուհետեւ աւելի ուժեղ կամք պէտք է ցուցաբերեն։ Բայց եւ այնպէս, ան կը կարծէ, որ տագնապին ընթացքին Նալբանդեանի կեցուածքը՝ այդ առումով, բարոյալքումի ազդեցութիւն ունեցած է։
իսկ «Ռատիքալ»ի յօդուածագիր Զէյտա Քարան կը գրէ. «Ոչ ոք ըսաւ, թէ դիւրին գործընթաց մը պիտի ըլլայ»։ Անոր կարծիքով երկու դրացիներուն միջեւ բնականոնացման գործընթացը, ի վերջոյ տեղէ մը պիտի սկսի։ Ան կը գովաբանէ այն իրողութիւնը, որ Հայաստան եւ Թուրքիա, հակառակ իրենց կասկածներուն, բնականոնացման գործընթացը գործումի մէջ դրին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.