ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, «Մարմարա»ի խմբագրատուն այցելած է Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Սահակ եպս. Մաշալեան եւ թերթին յանձնած է նամակ մը, որուն մէջ ան կը յայտնէ, թէ ետ քաշած է պատրիարքական ընտրութեան համար իր թեկնածութիւնը։
«Արդարեւ հիւր Սրբազանը քաղաքիս մէջ քանիցս ընդգծած էր ժամ առաջ պատրիարքական ընտրութիւն մը ընելու անհրաժեշտութիւնը եւ ինքզինք առաջարկած էր իբր թեկնածուներէն մէկը։ Իբր պատճառ, ան ցոյց կու տայ այն հանգամանքը, թէ արդէն իսկ գոյութիւն ունին մեծ թիւով թեկնածուներ ու ինք կը քաշուի՝ ի յարգանս երէց եպիսկոպոսներու եւ ի յարգանս խաղաղ պայմաններ ստեղծելու հրամայականին։ Իրականութեան մէջ մենք մեծ թիւով թեկնածուներ չենք տեսներ հորիզոնի վրայ եւ չհասկցանք, թէ Մաշալեան սրբազան ի՞նչ բանի կ՛ակնարկէ, երբ կը խօսի մեծ թիւով թեկնածուներու մասին։ Կրօնական ժողովը տակաւին յստակ որոշում մը չէ հրապարակած պատրիարքական ընտրութեան մասին։ Բայց գիտենք, որ Կրօնական ժողովի շրջանակներէն ներս, այլեւս որոշում ընդունուած է՝ մինչեւ տարեվերջ պատկան իշխանութիւններու դիմում կատարելու եւ ընտրութեան արտօնութիւն ուզելու ուղղութեամբ», կը գրէ պոլսահայ թերթը, որ նաեւ տպած է եպիսկոպոսին նամակը։
Սահակ սրբազան եւս կը գրէ. «Ուրախութեամբ կը տեսնենք, որ մեր Եկեղեցական դասի ողջախոհութիւնն ու իմաստութիւնը յաղթանակած է նոր պատրիարք մը ընտրելու որոշումով»։
Միւս կողմէ, Պոլսոյ պատրիարքարանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13 թուակիր յայտարարութեամբ մը գոհունակութիւն կը յայտնէ Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման արձանագրութիւններու ստորագրութեան կապակցութեամբ՝ զանոնք համարելով «պատմական երեւոյթ»։
«Թրքահայ համայնքը այս փուլին համակուած է լաւատեսութեամբ եւ լիայոյս է, թէ այս դրական գործընթացը պիտի շարունակուի շինիչ հունի մը մէջ, ի շահ երկու երկիրներուն եւ յօգուտ երկու ժողովուրդներուն։ Հուսկ, ողջունելով արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը՝ առ Բարձրեալն Աստուած կը հայցենք, որ Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ կենդանի պահէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պետական աւագանիներուն մօտ կամքն ու պատրաստակամութիւնը՝ անկեղծ տրամադրութիւններով խաղաղութիւն կերտելու, բարի դրացիական կապեր ստեղծելու եւ համերաշխ գոյակցութիւն ձեւաւորելու առաջադրութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: