ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Զաքար ջան, աշխարհ տեսած-անցուցած մարդ ես, ի՞նչ է կարծիքդ մեր այս բարի մարդոց մասին, որոնք օգտակար կ՛ըլլան ազգին, եկեղեցիին, դպրոցին, մշակոյթին, կարօտեալներուն եւ մանաւանդ մարդկութեան:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Աշխարհի վրայ ամէն մարդ որ կը ծնի, բարի կը ծնի, անմեղ է, օգտակար կ՛ուզէ ըլլալ իր նմաններուն, ոչ ոք չարին կը հետեւի: Մարդոց մէջ կան բարերարներ, կան բարեգործներ, կան բարեհաճներ: Ասոնցմէ դուրս, կան նաեւ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ իրենք ամէն ինչ են: Այսպիսիները կը կարծեն, թէ ե՛ւ «բարերար» են, ե՛ւ «բարեգործ» են, ե՛ւ «բարեհաճ» են: Իրենց անձերէն դուրս ոչինչ կը տեսնեն, ոչ ոքով կը հետաքրքրուին, անձնասէր եւ եսակեդրոն մարդիկ են:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Հապա նենգ ու չար մարդիկ ալ կան, կ՛ըսեն:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Եթէ մէկու մը բախտին անիւը ի նպաստ իրեն չէ դարձած, կը գժտուի կեանքէն ու կը չարանայ: Եթէ մարդը ծուլութեան հիւանդութիւնը ունի, կը դժուարանայ աշխատելու եւ կը չարանայ: Եթէ դիպուածով չարի մը հանդիպած է, ինքն ալ իր կարգին կ՛ուզէ չարանալ՝ վրէժ լուծելու համար կեանքէն: Այսպիսիները մարդկութեան հազարէն միայն մէկը կը ներկայացնեն:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Շնորհալի մարդոց համեմատութիւնը ի՞նչ է:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, մարդիկ բարի կը ծնին: Բայց մենք չափանիշ չունինք, տասն ու հարիւրը իրարու կը խառնենք: Բոլորն ալ մէկ ջուրով կը լուանք: Եկեղեցի մը, դպրոց մը, մարզաւան մը, որբանոց մը կառուցողը՝ բարերար է: Իր ազգին ու հայրենիքին բարօրութեան համար մեծագումար նուիրատուն՝ բարերար է: Հայրենակիցներուն եւ մարդկութեան օգտաշատ ներդրումներ կատարողը՝ բարերար է: Շատ բնական է այսպիսիներու բարերար անունը տալը, արժանի են: Բարերարը հաշիւ փնտռող չէ, կու տայ առանց ակնկալութեան:
Ո՞վ է բարեգործը: Իր անձնական շահուն մէջ ուրիշներուն ալ օգտակար եղողը՝ բարեգործ է: Իր ծնողներուն անմեռ յիշատակին համար եկեղեցիին մէջ 4-5 հարիւր աթոռներ նուիրողը՝ բարեգործ է: Իր գիտցածը ուրիշին սորվեցնողը, ուսուցիչը, արհեստաւորը, մասնագէտը՝ բարեգործ է: Միութիւններու մէջ գործունեայ անդամը, որ անսակարկ կ՛աշխատի՝ բարեգործ է: Փոխարէնը՝ կը մեծարուի:
Ո՞վ է բարեհաճը: Բարեհաճը, բարի եւ հաճելի մարդ է, բնաւ նախաձեռնող չէ, իր կեանքէն գոհ ու երջանիկ: Երբ մէկը օգտակար առաջարկ մը ընէ, չի հակառակիր, անմիջապէս կը համաձայնի: Հանգանակութիւններու ընթացքին կ՛աջակցի: Արժանի գիրքերու տպագրութեան ծախսերը կը հոգայ, մեկենաս է: Հանդէսներ, ձեռնարկներ եւ պարահանդէսներ կը հովանաւորէ: Անունը պէտք է յիշուի ըստ արժանւոյն:
ԱՍՊԵՏ ՊԱՐԶՈՒՆԻ.- Ուրեմն ըսել կ՛ուզես, որ չափանիշները պահելու համար, այս բոլոր շնորհալի եւ բարի մարդիկը բարերար պէտք չէ կոչուին, այնպէս, ինչպէս բոլոր դրամ ունեցողներուն պէտք չէ մէկ բառով հարուստ ըսել, այլ պէտք է ըսել՝ պիլիոնատէր, միլիոնատէր, հազարատէր եւ հարիւրատէր:
ԶԱՔԱՐ ԶԱՔԱՐԵՆՑ.- Բարերարը բարութիւն արարողն է: Բարեգործը բարութեամբ գործողն է: Բարեհաճը բարին կամեցողն է, բարեհաճողը: Ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի, մարդիկ միշտ բարի ծնած են: Երբ մարդիկ չարութիւն կը գործեն, իրենց չափ մենք ալ յանցաւորներ ենք, որովհետեւ չենք կրցած զիրենք բարութեամբ դիմաւորել, եւ կամքէ անկախ, անոնք դարձած ենք պատանդը ոգելիցի, թմրեցուցիչի, խաղամոլութեան, ստախօսութեան եւ այլեւայլ սովորութիւններու:
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)