ՊՈԼԻՍ, «Աժանս Ֆրանս Փրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեքշաբթի օր, Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրէին, հրապարակաւ հրաւիրած է օտար պատմաբաններ՝ մասնակցելու յառաջիկային «Օսմանեան Կայսրութեան ներքոյ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու ուսումնասիրման աշխատանքին լծուելու կոչուած յանձնաժողովին»:
«Ամէն տեսակի վերագրումներ կան դար մը առաջ տեղի ունեցածին մասին: Յստակ է, որ մարդիկ, որոնք չեն գիտեր թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ պատահած է, այս հարցին վերաբերեալ որոշում չեն կրնար կայացնել», յայտարարած է նախագահ Կիւլ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Մենք կը յուսանք, որ պատմաբաններ, արխիւագէտներ կ՛ուսումնասիրեն այս հարցը եւ մենք պատրաստ ենք այս յանձնաժողովին եզրակացութիւնները ընդունելու: Մեր անկեղծութիւնը ցոյց տալու համար, մենք նոյնիսկ ըսած ենք, որ եթէ երրորդ երկիր մը հետաքրքրուած է այս հարցով, օրինակ՝ եթէ կան ֆրանսացի պատմաբաններ, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել այս յանձնաժողովին, ապա անոնք բարով կ՛ընդունուին», աւելցուցած է Կիւլ:
«Աժանս Ֆրանս»ը այս առթիւ կը յիշեցնէ, որ «Ջարդերը ուսումնասիրելու համար յանձնաժողով» յառաջացնելու հարցը մաս կը կազմէ հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով զոյգ արձանագրութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.