ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի կառավարութեան եւրոպական հարցերու նախարար Փիէր Լըլուշ յայտարարած է, որ իր երկիրը բաւարարուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարեկարգելու նպատակով վերջերս առնուած քայլերով, աւելցնելով, թէ Փարիզ երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք տարած է այդ ուղղութեամբ։
Ըստ անոր, ինք անձամբ բազմաթիւ անգամ դիմած է Թուրքիոյ կառավարութեան՝ խնդրելով բանալ Հայաստանի հետ սահմանը։
Ֆրանսացի նախարարը նաեւ յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը շատ կարեւոր է Եւրոպայի, Ֆրանսայի, Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ շրջանի զարգացման համար։
«Մենք կ՛ողջունենք կողմերուն բոլոր ջանքերը, որոնք կը միտին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման», ըսած է ան։ Նախարար Լըլուշ նաեւ յայտարարած է, որ ինք մտադիր է հարաւային Կովկաս այցելել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.