ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին Հանրային խորհուրդին առջեւ իր ելոյթին ընթացքին անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ իր վարչակազմին փաստարկները ինչքան տկար, անտրամաբանական եւ վնասակար են Հայաստանի ու հայութեան համար:
Արդարեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ «պատմական հարթութեան» առնչուող երկկողմանի խառն յանձնախումբին մասին հարցումի մը պատասխանելով «հաւաստիացուցած» է, թէ թուրքերուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելը բնաւ չի նշանակեր Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնել, առաւել եւս՝ մոռնալ: Իր բառերով. «Որեւէ նորմալ մարդ չի կարող Ցեղասպանութիւնը մոռանալ եւ չեն կարող լինել պատճառներ, որոնք կը ստիպեն այդ քայլերին գնալ»:
Հոս, բանալի բառը «մոռնալ»ն է: Բայը կը նշանակէ այլեւս չյիշել, մոռացութեան տալ, յիշողութենէն սրբել-մաքրել, ճիշդ համակարգիչին մէջ գտնուող թղթապանակ մը կամ նիւթ մը ջնջելու նման՝ երբ delete կոճակը կը սեղմենք:
Հայաստանի նախագահը «միամիտ» ճարպիկութիւն մը կը կատարէ հոս: Ինք լաւ գիտէ, թէ հարցը Ցեղասպանութեան հարցը մոռնալու-չմոռնալուն մէջ չի կայանար: Ո՞վ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ջնջելու կամ յիշողութենէն սրբելու ակնարկութիւն կատարած է, որ Սերժ Սարգսեան կը փութայ ըսելու իր լսարանին, թէ մեղա՜յ քեզ Տէր, «նորմալ» մարդը կրնա՞յ մոռնալ նման բան: Մոռնալով թերեւս Պարոյր Սեւակէն մէջբերել «Աշխարհում ով մոռանայ, ջուխտ աչքով թող կուրանայ» տողը եւս: Ան կը փորձէ «կուրծք ցցել» Ցեղասպանութեան մոռացման անգոյ ջատագովներուն դէմ՝ քիչ մը շատ աժան-կարապետ ոճով մը: Աժան-կարապետ, որովհետեւ անգոյ բանի մը դէմ յոխորտանքը ուրիշ ձեւով կարելի չէ որակել:
Սակայն կայ աւելի ծանրը. հակատրամաբանութեան գլուխ-գործոցը:
Նոյն հանդիպումին եւ շարունակելով նոյն թեման, ան, արձագանգելով այն հարցադրումին, թէ պատմաբաններու ենթայանձնախումբի ստեղծումը կրնայ Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնել, կ՛ըսէ. «Երբ ասում են, որ թուրքերն անպայման յանձնաժողովի կամ ենթայանձնաժողովի առաջին նիստին բերելու են Ցեղասպանութեան հարցն են դնելու՝ այսինքն դա ի՞նչ է նշանակում՝ ինչի՞ այդ յանձնաժողովը ղեկավարւում է թուրքերի՞ կողմից. այդ յանձնաժողովը պարիտետային (հաւասարաչափ. Վ.Բ.) սկզբունքով ստեղծուած յանձնաժողով է, որտեղ մի խումբը կարող է իրենն ասել, միւսն՝ իրենը»: Այսինքն, աւելի պարզ հայերէնով, չկարծէք թէ հայ պատմաբանները պիտի կլլեն Հալաճօղլուի ըսածները. Հայկ Դեմոյեանն ալ (օրինակի համար), չգիտեմ այսինչ ակադեմիկոսն ալ հոն պիտի ըլլան եւ Հալաճօղլուին բերնին չափը պիտի տան, այնպէս որ հանգիստ մը ոտքերնիդ դրէք պաղ ջուրի մէջ, «արխային կացէք», մի մտահոգուիք ժողովուրդ:
Հարցում.- Պարոն նախագահ, թուրքերուն ուզածն ալ ճիշդ այս չէ՞, այսինքն վէճի նիւթ դարձնել բան մը, որ անվիճելի է, հաստատուած է տասնեակներով ցեղասպանագէտներու կողմէ եւ ճանչցուած է շուրջ քսան երկիրներու կողմէ: Ինչպէ՞ս կարելի է վէճի նիւթ դարձնել զանգուածային ջարդի ու բռնի տեղահանութեան միջոցով ամբողջ Արեւմտահայաստանի կազմակերպուած դատարկումը իր բնիկներէն՝ հայ ժողովուրդէն ու այդ ոճիրին իբրեւ հետեւանք՝ խլել նոյն այդ ժողովուրդին հողերը, ինչքերն ու ստացուածքները եւ քանդել անոր մշակութային հարստութիւնները:
Հայաստանի նախագահը ակամայ կ՛ընդունի ճշմարտացիութիւնը այն փաստարկումին, թէ պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու թրքական ճիգերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վէճի նիւթ դարձնել եւ հետեւաբար նաեւ՝ զայն կասկածի տակ առնել: Քիչ կը մնայ, որ իր ելոյթին մէջ այդ վէճին հաւանական սենարիոներն ալ թուէ:
Հիմա, որ Սերժ Սարգսեանի այս տողերը թարգմանաբար դրուած են Էրտողանի եւ Տաւուտօղլուի սեղաններուն՝ անոնց գոհունակ ժպիտներուն տակ, անցնինք այլ նիւթի մը՝ նոյն ելոյթէն:
Վազգէն Մանուկեան նախագահին հարցուցած է, թէ արձանագրութիւններուն մէջ նախապայմաններ կա՞ն: Նախագահը պատասխանած է. «Հրապարակուած փաստաթղթերում որտե՞ղ էք տեսել նախապայմաններ: Եթէ այդպէս լինէր, փաստաթղթում գրուած կը լինէր, որ նախապայմաններով են այդ փաստաթուղթը ստորագրում: Այո, փաստաթղթերում տեղ են գտել նաեւ որոշակի դրոյթներ, որոնք կոմպրոմիսի (փոխադարձ զիջումի. Վ.Բ.) արդիւնք են», եւայլն:
Նախապայմաններու հարցին անդրադարձած էր Գանատայի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Արա Պապեան, քանի մը օր առաջ, տալով «Ամերիկայի մայրաքաղա՞ք, թէ Ուաշինկթըն Տի.Սի.» ըսելաձեւերուն օրինակը: Այնպէս որ, ըսուելիքը ըսուած է Պապեանի կողմէ՝ շատ յստակ կերպով եւ հոս աւելցնելիք չունինք:
Բայց քանի որ խօսքը նախապայմաններու մասին է, բանանք այս էջը եւս:
Թուրքիա ոգի ի բռին կ՛աշխատի աշխարհին ցոյց տալու, թէ ինք ոչ մէկ խնդիր ունի իր հարեւաններիուն հետ, մաքուր, անմեղ երկիր մըն է: Ոչ միայն այդ, այլեւ ինք միջնորդութիւններ կը կատարէ իր այն հարեւաններուն միջեւ, որոնք իրարու հետ խնդիրներ-վէճեր ունին: Օրինակ, Տաւուտօղլու օր մը Թեհրան է, միւս օրը՝ Պաղտատ, տարակարծութիւնները մեղմացնելու-լուծելու ճիգով: Յաջորդ օրը Դամասկոս է, Իսրայէլի հետ կնճիռի խնդրով: Ուրիշ օր մը, Տաւոսի մէջ եւ ապա ՄԱԿի բեմէն Էրտողան Կազայի հարցով կոկորդիլոսի արցունքնլեր կը թափէ: Հապա՞ եթէ միջազգային թատերաբեմին վրայ մէկը քարտէսին վրայ Հայաստանը ցոյց տալով հարցնէ Անգարայի իշխանաւորներուն, թէ «այս ի՞նչ է, նախ Երեւանի հետ ձեր դարաւոր հարցը լուծեցէք», Անգարա ի՞նչ պիտի պատասխանէ: Ուրեմն, մտածեցին թուրք դիւանագէտները, հիմա է ատենը Սերժ Սարգսեանի ուղարկած ֆութպոլի ձրի տոմսը առնելու եւ Երեւան երթալու:
Հայկական դիւանագիտութիւնը ոչ իսկ մէկ վայկեան անդրադարձաւ, թէ իր դիմաց կը գտնուի թրքական դիւանագիտութեան Աքիլլեսի կրունկը՝ իր ամբողջ մերկութեամբ.- Դիւանագիտական կապե՞ր եւ բնականոն յարաբերութիւնե՞ր կ՛ուզէք, հրամմեցէք: Բայց գիտէ՞ք, ամէն բան իր գինը ունի:
Ա՛յս էր, որ պիտի ըսուէր Անգարայի (եւ չըսուեցաւ): Հո՛ս էր, որ հայկական դիւանագիտութիւնը պիտի դնէր ի՛ր նախապայմանը (եւ չդրաւ): Այսինքն. «Եթէ ճանչնաք Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կրնանք հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ. իսկ յարաբերութիւններու հետագայ բնականոնացումը կախում ունի, թէ ինչպէս կը վերաբերիք հատուցումի խնդրին»: Եւ հոս էր, որ Հայաստանի թշնամի երկիր Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմքերը փուլ պիտի գային:
Եթէ Հայաստանի նախագահն ու իր արտաքին գործոց նախարարը չեն ըմբռնած այս հարցերը, կը նշանակէ, թէ սխալ գրասենեակի մէջ կը պաշտօնավարեն երկուքն ալ: