Բարձր արհեստագիտութեան սարքաւորումներու տարեկան «ArmTech» գործարարական համագումարը այս տարի պիտի կազմակերպուի բարձր արհեստագիտութեան մայրաքաղաքը դարձած Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի (Silicon Valley) մէջ: Համագումարի կազմակերպման աշխատանքները կը համադրէ Հայկական զարգացման գործակալութիւնը: Իր տեսակին մէջ երրորդ հանդիսացող այս համագումարը տեղի պիտի ունենայ Սան Հոզէի «ֆէրմանթ» պանդոկին մէջ:
«ArmTech 2009»ը պիտի ներառէ ոչ միայն տեղեկատուական ճարտարագիտութիւն, այլ բարձր ճարտարագիտութեան սարքաւորումներու այլ հատուածներ: «ArmTech»ը կը նկատուի համագործակցութեան եւ շփումի կարեւոր բեմ մը այս մարզին մէջ մասնագիտացած աշխարհասփիւռ հայերուն համար: Համագումարի ծիրէն ներս, Շաբաթ, Նոյեմբեր 7ին, նոյն պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ճաշկերոյթ մը:
Յիշենք, թէ «ArmTech 2007»ը կազմակերպուած էր դարձեալ Սիլիքոն հովիտին մէջ, իսկ 2008ին՝ Երեւանի մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել www.armtechcongress.com համացանցային կայքը: