Թուրք ազգայամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզէ Թուրքիոյ մէջ Հայաստան եւ Քիւրտիստան ստեղծել։ Մէհմէտ Շանտըր մասնակցած է Մերսին քաղաքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին դարձեալ քննադատած է թրքական իշխանութիւններու առաջ մղած քրտական հարցի լուծման նոր նախաձեռնութիւնը։ Ըստ անոր, իշխանութիւններու նախաձեռնութիւնը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան նախաձեռնութիւնն է, եւ քիւրտ անջատողականները, չկարենալով զէնքով լուծել իրենց հարցը՝ սկսած են զայն քաղաքականութեամբ լուծելու փորձ կատարել։
Շանտըր նաեւ ըսած է, որ այս նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզէ «Թուրքիոյ մէջ Հայաստան եւ Քիւրտիստան ստեղծել»: Նշենք, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տէվլէթ Պահչէլի նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան իր այս նախաձեռնութեամբ կ՛ուզէ Թուրքիան մասնատել։