ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն, երկրի նախագահը կու տայ արտաքին յարաբերութիւններու ընդհանուր ուրուագիծը, ընդհանուր ուղենիշը, որուն գործադրումը կ՛իրականացնէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ուրեմն, ինչո՞ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը յամառի պահանջել արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաժարականը:
Պատասխանելով այս հարցին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, որ «Հայաստանի նախագահը արտգործնախարարին տուել էր ուղենիշ՝ ասելով՝ Թուրքիայի հետ հաստատել յարաբերութիւններ առանց նախապայմանների: Ի՞նչ է անում գործադիրը. գնում ու պայմանաւորւում է թուրքերի հետ այն ձեւով, որ ե՛ւ նախապայմաններն են մխրճուած այդ փաստաթղթերի մէջ, ե՛ւ այլ վտանագաւոր բաներ, այդ թւում՝ պայմանագրային կէտեր»:
Յովհաննիսեան աւելցուցած է, թէ «Որեւէ փաստաթուղթ, որը ներկայացուած է որպէս նախագիծ, չի կարող քարացած լինել, եւ այն փոփոխելու հնարաւորութիւն պէտք է լինի: Այլ հարց, որ փոփոխողները, այսինքն՝ նրանք, ովքեր պէտք է ստորագրեն փաստաթղթերը, իրենք շահագրգռուած լինեն փոփոխութիւններ անել: Ես չեմ կարծում, որ որեւէ մեխանիզմ չկայ: Մեր հասարակութիւնը իր շահերի համար կռիւ կը տայ եւ կը կարողանայ փոխել այդ արձանագրութիւնները»:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Հայաստանի մէջ քաղաքական քննարկումներ տեղի չեն ունենար՝ նախաստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն գծով, որովհետեւ իշխանութեան փաստարկները շատ թոյլ են։
Սեպտեմբեր 14ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Վ. Յովհաննիսեան յայտարարած է, որ Դաշնակցութիւնը Հանրապետական կուսակցութեան շարքային անդամները եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը բանավէճի կը հրաւիրէ, հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ մէջ այլ պատկեր կը տիրէ։
«Թուրքիայի արտգործնախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն լուրջ քննարկումներ է անցկացնում խորհրդարանական խմբակցութիւնների, արձանագրութիւնների վերաբերեալ «կողմ» կամ «դէմ» արտայայտուող տարբեր քաղաքական կուսակցութիւնների ներկայացուցիչների հետ, իսկ մեզ մօտ ոչինչ չի արւում», նշած է Վ. Յովհաննիսեան՝ տեղեկացնելով, որ Սեպտեմբեր 15էն սկսեալ ՀՅԴ պիտի սկսի գործընթացի մը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի հանգամանալից կերպով ներկայացնելու եւ հիմնաւորելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները ուղենշող փաստաթուղթերուն մէջ առկայ վտանգները: Նշենք, որ նախագահ Սարգսեանի մամլոյ խօսնակը երէկ յայտարարած է, որ նախագահը քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները հրաւիրած է այս թեմային շուրջ խորհրդակցութեան:
Դաշնակցութիւնը առաջարկած է նախ կազմակերպել խորհրդարանական լսումներ՝ փորձագէտներու եւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ, որուն իր համաձայնութիւնը տուած է «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը, սակայն տակաւին պատասխան չկայ իշխանութեան կողքին եղող քաղաքական խորհրդարանական միւս ուժերէն:
Ան տեղեկացուցած է, որ ՀՅԴ արդէն պատրաստած է արձանագրութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկով փաստաթուղթ, եւ Սեպտեմբեր 14ի երեկոյեան անիկա պիտի հրապարակուի: Փաստաթուղթին մէջ շատ յստակ նշուած է, թէ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ փոփոխութիւններ կ՛առաջարկէ, եւ աւելին՝ կը պահանջէ:
«Մենք Սեպտեմբերի 15ից աշխատելու ենք հէնց այս ուղղութեամբ, եւ վստահ եմ, որ մեր հասարակութեան մէջ կայ մեծ հատուած, որը կ՛աջակցի եւ կը միանայ մեր այդ պահանջին եւ մօտեցումներին», ըսած է Վ. Յովհաննիսեան:
Վ. Յովհաննիսեան շեշտած է, որ իշխանութեան հանդէպ Դաշնակցութեան ճնշումը պիտի ուժեղանայ՝ այդ իշխանութեան քաղաքական սխալներուն համարժէք: