Համացանցային «Ֆէսթըր թայմզ» օրաթերթը լոյս ընծայած է Իկալ Շլայֆըրի «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի համար ճամբու քարտէսի մը անորոշ նպատակակէտը» խորագիրով յօդուածը, ուր ան ողջունելի կը գտնէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ սահմանները բանալու առնչուող արձանագրութիւնները ստորագրելու նախաձեռնութիւնը, սակայն կը նշէ, թէ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան մէջ նախկին բեկումը, որ պատահեցաւ անցեալ Ապրիլին, շուտով անիմաստ դարձաւ, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ յարաբերութեանց բարելաւումը կախեալ է «հայկական ուժերուն կողմէ գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի հողամասի ամբողջական ազատագրումէն»:
Ան կը մէջբերէ Միջազգային ճգնաժամի խմբակէն Թուրքիոյ հարցերու վերլուծաբան Հիու Փոփը, որ կ՛ըսէ. «Ակներեւ է, որ Էրտողան կը մտածէ, թէ նախքան Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու համաձայնութիւնը խորհրդարան տանիլը, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ քայլ մը տեսնել կ՛ուզէ։ Հարցն այն է, որ արձանագրութիւնները Թուրքիոյ շահերուն կը համապատասխանեն, նոյնիսկ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ոչինչ պատահի։ Թուրքիոյ կարեւորագոյն ազգային շահը հայկական հարցը իր ետին ձգելն է»։
«Ուստի, այս թուրք-հայկական «ճամբու քարտէս»ը դէպի ո՞ւր կ՛առաջնորդէ։ Յառաջիկայ քանի մը շաբաթները ատոր վերաբերեալ յստակ ցուցանիշ մը պիտի տան։ Մէկ բան յստակ է. Անգարայի եւ Երեւանի համաձայնութեան արժանացած արձանագրութիւնները կրնան Լեռնային Ղարաբաղին չակնարկել, սակայն թուրք-հայկական հաշտութեան համար «ճամբու քարտէս»ը կ՛առաջնորդէ ուղղակի այդ վիճելի հողամասի սիրտին», կը գրէ Շլայֆըր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.